Կիներու Միջազգային Օրուան Սեմին. Ընտանեկան Բռնութեան Դէմ Օրէնքի Որդեգրումը` Անհրաժեշտութիւն
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Կիներ Կը Պարեն` Մերժելով Ընտանեկան Բռնութիւնը
Ամէն տարի, Կիներու միջազգային օրուան սեմին, լիբանանեան քաղաքացիական հասարակութեան մաս կազմող կնոջական կազմակերպութիւնները նախաձեռնութիւններու եւ արշաւներու շարք մը կը կազմակերպեն` պահանջելով երկրին կեանքին ամբողջական կերպով մասնակցելու կիներու իրաւունքներուն յարգումը:
Անցնող աւելի քան երկու տարուան ընթացքին գերազանցապէս ընկերային-պահանջատիրական այս շարժումը ընթացաւ քանի մը ուղղութիւններով. Ա.- Օտարահպատակ տղամարդոց հետ ամուսնացած լիբանանցի կիներուն իրաւունք շնորհել լիբանանեան քաղաքացիութիւնը փոխանցելու իրենց զաւակներուն, Բ.- Աշխատատեղերու մէջ տղամարդոց եւ կիներու միջեւ խտրականութիւնը վերացնել մանաւանդ ինչ կը վերաբերի աշխատավարձին, Գ.- Լիբանանեան օրէնքներուն մէջ սեռերու միջեւ խտրականութիւնը վերացնել, Դ.- Ճշդել մեքանիզմներ` ապահովելու կիներուն մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ, մասնաւորաբար` երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին յատուկ չափաբաժին մը (քոթա) ճշդելով անոնց համար, Ե.- Որդեգրել ընտանեկան մակարդակի վրայ եւ, մանաւանդ, կիներու ու աղջիկներու նկատմամբ կիրարկուած բռնութեան դէմ օրէնքը:
Այս ծիրին մէջ ալ, տակաւին տարիներ առաջ «Բաւ է բռնութիւն եւ շահագործում» (ՔԱՖԱ) կազմակերպութիւնը լիբանանեան խորհրդարանին ներկայացուց ընտանեկան բռնութենէն կիները պաշտպանելու միտող օրէնքի նախագիծ մը. այս օրէնքի նախագիծը յանձնուեցաւ խորհրդարանական ենթայանձնախումբի մը` առ ի քննարկում: Քննարկումին ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ իսլամական յարանուանութիւններէն կրօնական հեղինակութիւններ հիմնական վերապահութիւններ ունին, չըսելու համար` մերժում, օրէնքի նախագիծին հիմնական կէտերուն նկատմամբ, նշելով, որ այդ կէտերը հարուած կը հասցնեն ընտանիքի հասկացողութեան գծով իսլամական կրօնի պատկերացումին, ըստ որուն, տղամարդուն գերակայ դիրք վերապահուած է ընտանեկան փոխյարաբերութիւններուն մէջ:
Բնականաբար, անցնող ժամանակաշրջանին ՔԱՖԱ, Նասաուիյա եւ այլ նոյնանպատակ կնոջական կազմակերպութիւններ այս հարցին շուրջ հասարակական գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնելու իմաստով արշաւներու նախաձեռնած են, ինչպէս նաեւ նախաձեռնած են որոշ գործունէութիւններ, որոնք կը միտին ճնշում բանեցնել երկրին քաղաքական ուժերուն վրայ` այս հարցին քննարկումը արագացնելու համար, որովհետեւ այս օրէնքին որդեգրման դիմաց հիմնական խոչընդոտները միայն իսլամական կրօնական հեղինակութիւնները չեն, այլեւ` երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական-համայնքային երկփեղկումը, որ իր կարգին մեծապէս կաղացուցած է խորհրդարանական-օրէնսդրական աշխատանքը:
Այս տարի կնոջական քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները բացառապէս կեդրոնացան ընտանեկան բռնութենէն կիները պաշտպանելու օրէնքի նախագիծին որդեգրումը արագացնել տալու ճիգերուն վրայ: Եւ այսպէս, մենք կը տեսնենք, որ մարտ 8-ի` Կիներու միջազգային օրուան սեմին, 14 փետրուարի երեկոյեան, Պէյրութի շուկաներուն մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ եւ խորհրդանշական ֆլեշ մոպ մը, որուն ընթացքին խումբ մը կիներ եւ աղջիկներ, կիներու նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային նախաձեռնութեան «Ուան պիլիըն ռայզինկ»-ի ծիրին մէջ, անհատական նախաձեռնութեամբ համախմբուեցան եւ հանրութեան առջեւ բացօթեայ ներկայացուցին «Փշրենք շղթաները» (Պրէյք տը չէյնզ) պարը: Պէյրութի կեդրոնին մէջ այս նախաձեռնութեան իրականացումը իւրայատուկ էր նախ այն պատճառով, որ առաջին անգամ ըլլալով լիբանանցի կինը այս միջոցով իր ըմբոստացումը կ՛արտայայտէր ընտանեկան փոխյարաբերութիւններուն եւ լիբանանեան ընկերային հասկացողութիւններուն մէջ արմատացած վարուելակերպերու դէմ :
Եւ որովհետեւ, ըստ իրաւապաշտպան եւ կնոջական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կատարած վիճակագրական ուսումնասիրութիւններուն, Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր ամիս կին մը կը մահանայ ընտանեկան բռնութեան երեւոյթին պատճառով, անհրաժեշտ էր, որ լիբանանցի կնոջ ձայնը հասնի նաեւ երկրին քաղաքական վերնախաւին: Այս ծիրին մէջ կիրակի, 24 փետրուարին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց Սանայեհի պարտէզէն մինչեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նստավայրը` Այն Թինէ:
Բողոքի ցոյցին կազմակերպիչներն էին դարձեալ «Բաւ է բռնութիւն եւ շահագործում» (ՔԱՖԱ) կազմակերպութիւնը եւ Ընտանեկան բռնութենէն կիներու պաշտպանութեան օրէնքի վաւերացման ազգային դաշինքը, որ կ՛ընդգրկէ մեծ թիւով լիբանանեան քաղաքացիական եւ կնոջական կազմակերպութիւններ: Նախաձեռնութիւնը կը հետապնդէր մէկ նպատակ` պահանջել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որ ընտանեկան բռնութենէն կիներու պաշտպանութեան օրէնքի նախագիծը զետեղէ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստի օրակարգին վրայ: Ցոյցին հիմնական կարգախօսը քաղաքական գործիչներուն եւ համայնքային ղեկավարներուն ուղղուած հետեւեալ պատգամն էր. «Կիներուն կեանքը աւելի կարեւոր է ձեր աթոռներէն»:
Ցոյցին ընթացքին քանիցս բարձրախօսով սփռուեցաւ 2009 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք խորհրդարանի նստաշրջանի բացման նիստին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետեւեալ յանձնառութիւնը. «Նորընտիր խորհրդարանը պէտք է նախանձախնդիր ըլլայ վաւերացնելու անհրաժեշտ օրէնքները, որոնք կ՛երաշխաւորեն կնոջ ամբողջական մասնակցութիւնը պետութեան եւ ընկերութեան կեանքին, կը պաշտպանեն զայն բռնութենէն եւ կը բարեփոխեն լիբանանեան օրէնսդրութեան մէջ այս առումով գոյութիւն ունեցող խտրական օրէնքները»: Կազմակերպիչները եւ մասնակիցները հարց տուին, թէ ո՞ւր է խորհրդարանի նախագահը նշեալ յանձնառութենէն:
Այս նախաձեռնութեան վերջաւորութեան ալ, ցոյցին կարգ մը մասնակիցները անակնկալի մատնեցին ներկաները` ներկայացնելով մարզիչ եւ պարող Ալեքսանտր Փաուլիքեւիչի հսկողութեամբ պատրաստուած «Պրէյք տը Չէյն» երգին արաբերէն թարգմանութեան երաժշտութեան եղանակներով հիման վրայ պար մը: Նոյն պարը, որ ներկայացուած էր 14 փետրուար ֆլեշ մոպին ընթացքին:
Սեռերու Միջեւ Իրական Հաւասարութեան Ձգտումով
Իւրաքանչիւր տարուան դեկտեմբեր ամսուան առաջին կիսուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին, մարդու եւ կնոջական իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ ու քաղաքացիական նախաձեռնութիւններ 16 օր կը յատկացնեն սեռերու միջեւ իրական հաւասարութեան եւ կնոջ նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարին նուիրուած արշաւներու, որոնց ընթացքին բողոքի եւ արտայայտութեան տարբեր միջոցներով լուսարձակի տակ կ՛առնուին կիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, մասնաւորաբար այն երկիրներուն մէջ, ուր կիներուն նկատմամբ խտրականութիւնը զգալի է թէ՛ գործնական կեանքին եւ թէ՛ պետական օրէնքներուն մէջ:
Այս արշաւը Հայաստանի մէջ արտայայտուեցաւ կիներու նկատմամբ բռնութեան երեւոյթին դէմ կատարուած բողոքի ցոյցով, որուն մասնակցեցան քաղաքացիական հասարակութեան բազմաթիւ գործիչներ, որոնք անգամ մը եւս այս հարցը կրցան բարձրացնել հասարակական բուռն քննարկումի մակարդակին, մանաւանդ որ կիներու նկատմամբ բռնութեան երեւոյթը Հայաստանի մէջ բաւական տարածուն եւ հասարակութեան մէջ արմատացած երեւոյթ է:
Նշեալ 16-օրեայ արշաւը Լիբանանի մէջ գործադրուեցաւ տարբեր ձեւով: Կիներու եւ մանուկներու նկատմամբ բռնութեան եւ անոնց շահագործման երեւոյթին վերջ տալու հարցով զբաղող ՔԱՖԱ կազմակերպութիւնը, որ նաեւ, ինչպէս յօդուածին առաջին բաժինին մէջ նշեցինք, Լիբանանի մէջ գլխաւոր նախաձեռնողն է ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի օրինագիծին, որ ներկայացուած է խորհրդարանին եւ անոր վերաբերեալ քննարկումները կը յամենան` երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ մանաւանդ համայնքային հորիզոնական երկփեղկումին պատճառով, հանդէս եկած էր իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը, որուն ընդմէջէն Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու անդամ եւ ձախակողմեան տղամարդ գործիչներ յօդուածներու ու տեսական ուսումնասիրութիւններու միջոցով կեդրոնացան գլխաւորաբար մէկ հարցի վրայ, այն է` տղամարդ գործիչներու պրիսմակէն դիտուած առնականութեան եւ իգականութեան հարցին նկատմամբ տարբեր, այլընտրանքային մօտեցում դրսեւորել, հեռու` մինչ այժմ գոյութիւն ունեցող կարծրատիպային մօտեցումներէն, որոնք յատուկ են արեւելեան ընկերութիւններուն, եւ որոնց պատճառով հասարակութեան կէսը` իգական սեռը տարբեր ձեւերով իր ամբողջական մասնակցութիւնը չի կրնար բերել տուեալ ընկերութիւններու հաւաքական կեանքին:
Խօսելու համար այս հարցին մասին, նախ պէտք է դիտարկել այն կէտը, թէ ինչո՞ւ կինը` իբրեւ մարդ անհատ, ստորադաս կը նկատուի տղամարդուն հետ բաղդատած: Ասիկա ընկերային յամեցող թիւրըմբռնում մըն է, որ կու գայ նախորդ դարերէն մնացած կարծրատիպերէ: Ինչպէս դասակարգերուն միջեւ կայ անհաւասարութիւն, եւ ընկերային պայքարին միջոցով մնայուն փորձ կը կատարուի ընկերային մակարդակի վրայ հաւասարութիւն եւ համերաշխութիւն ստեղծելու մարդոց միջեւ, նոյնն է պարագան նաեւ տղամարդ-կին փոխյարաբերութիւններուն: Մարդկութիւնը շատոնց երկրագործական աշխատանքի վիճակէն անցում կատարած է ճարտարարուեստական աշխատանքի դրութեան, բայց տակաւին շատ յաճախ հիմա կնոջ կը նայուի այնպէս, ինչպէս պիտի նայուէր, օրինակ, երկրագործական արտադրութեան ժամանակաշրջանի հասկացողութեամբ:
Այս իմաստով ալ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ ալ այլ երկիրներու մէջ գրեթէ միեւնոյն մօտեցումներուն կը հանդիպինք կիներուն նկատմամբ` կիները պէտք է տունը մնան, անոնց վերապահուած է միայն տնային աշխատանքը եւ զաւակներ մեծցնելը, վերապահութիւն` կնոջ կողմէ տան դարպասները շրջանցելու եւ աշխատանքի շուկայ նետուելու գծով: Ուրեմն, այս մտայնութիւնը տակաւին մեծապէս տիրական է, հակառակ անոր որ իր կինը ի գործ դրած մնայուն ճիգին շնորհիւ ներկայիս մեծ քայլերով մտած է աշխատանքի շուկայ եւ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ:
Իր իրաւունքները ձեռք բերելու համար կնոջ պայքարը մեզի թոյլ կու տայ այդ պայքարը զետեղելու ընկերային մեծ պայքարի առջեւի գիծին վրայ` յանուն մարդոց միջեւ ամբողջական հաւասարութեան հաստատման: Այս պայքարին ծիրին մէջ այնպիսի մթնոլորտ մը պէտք չէ ստեղծուի, որ կինը իրաւունքներ կը մուրայ, եւ տղամարդը խղճալով կը զիջի անոր առջեւ: Կինը արդէն իր փորձով շատ տեղեր փաստած է, թէ ինք արժանի է հաւասարէ հաւասար դիտուելու: Մէկ օրինակ տալու համար նշենք, որ քաղաքական եւ կազմակերպական աշխատանքներու մէջ կինը նոյնքան եւ աւելի յաջողակ է ու նախաձեռնող, որքան` տղամարդը:
Ընկերային պայքարի այս մթնոլորտին մէջ է, որ կինը ձեռք պէտք է բերէ նաեւ իրեն նկատմամբ բռնութիւն կիրարկելու արարքը օրէնքով պատժելու իրաւունքը: Կինը այն մարդ անհատն է, որ շրջապատին մէջ գեղեցկութիւն ու գուրգուրանք կը տարածէ, եւ պէտք չէ անոր հետ վարուիլ բռնութեամբ ու շահագործումով: Թերեւս հիմնական պատգամն ալ այս պէտք է ըլլայ Կիներու միջազգային օրուան առիթով, ուղղուած` նախ երկիրներու կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն, անյապաղ որդեգրելու կիներու բռնութենէն պաշտպանող օրէնքները, երկրորդ` տղամարդոց` կիները իրապէս նկատելու մարդկային կեանքը ամբողջացնող երկրորդ կէսը:

