Ճատրակ. Արոնեանի Առաջին Մրցակիցը Պիտի Ըլլայ Քարլսըն

PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, կատարեց աշխարհի ախոյեանի համար մղուող պայքարին վիճակահանութիւնը:

Ճատրակի այս մրցաշարքը, որ պիտի սկսի յառաջիկայ 14 մարտին` Լոնտոնի մէջ (Անգլիա), պիտի աւարտի 1 ապրիլին:

Ըստ վիճակահանութեան արդիւնքներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ստացաւ մրցաշարքին առաջին թիւը, ինչ որ անոր կարելիութիւն կու տայ առաջին երկու մրցումները խաղալու ճերմակ քարերով:

Ա. հանգրուանին, որ տեղի պիտի ունենայ 15 մարտին, Արոնեան պիտի ճակատի Մակնիւս Քարլսընի դէմ (Նորվեկիա):

Մնացեալ մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

Պորիս Կելֆանտ (Իսրայէլ) – Թէյմուր Ռաճապով (Ազրպէյճան), Վասիլի Իվանչուք (Ուքրանիա) – Ալեքսանտր Կրիսչուք (Ռուսիա) եւ Փիթըր Սվիտլեր – Վլատիմիր Քրամնիք (Ռուսիա):

 

Share this Article
CATEGORIES