Էն. Պի. Էյ. Լեպրըն Ճէյմս Կերտեց Հիթի Յաղթանակը

Լեպրըն Ճէյմս

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ առաջինին` 97-96 արդիւնքով:

Հիթի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Լեպրըն Ճէյմս, որ մրցումին աւարտէն 3,2 երկվայրկեան առաջ նշանակեց իր կազմին յաղթական կողովը: Աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ Մեճիք 96-93 արդիւնքով կը յառաջանար Ճէյմսի կազմին վրայ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Պրուքլին Նեթց – Շարլոթ Հոռնեթց 99-78
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Եութա Ճեզ 104-101
Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 83-81
Աթլանթա Հոքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 107-96
Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք 97-96
Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 87-77
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 91-85
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ 108-102
Մինեսոթա Վուլվզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 87-82
Տալաս Մավըրիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց 112-108
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Շիքակօ Պուլզ 101-83
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ 98-71
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Միլուոքի Պաքս 117-101
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 87-83

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն յայտագիրը.

Նիւ Եորք Նիքս – Օքլահոմա Սիթի
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ

 

Share this Article
CATEGORIES