Ըստ Panarmenian.Net-ի Վիք Դարչինեանի Չեն Աջակցած Հայաստանի Մէջ Դարձեալ Մենամարտ Կատարելու Համար
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ հայրենի կռփամարտիկ Վիք Դարչինեան յայտարարած է. «Հինգ ամիս առաջ, երբ ես Երեւանի մէջ էի, պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ խօսեցայ դարձեալ մենամարտ կատարելու համար, սակայն անոնք հրաժարեցան ինծի օգնել, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ մեծ հիասթափութիւն ապրիմ: 3 սեպտեմբեր 2011-ին, երբ Երեւանի մէջ կատարուեցաւ արհեստավարժ կռփամարտի առաջին մենամարտը, ատիկա տեղի ունեցաւ իմ ջանքովս եւ ինծի զօրակցող հովանաւորներուն շնորհիւ: Ես բաւական առաջ իմ համակիրներուս խոստացած էի հայրենիքի մէջ մենամարտ կատարել եւ վերջապէս ատիկա իրականացուցի»:
Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ. «Ես շատ բան կատարեցի Հայաստանի համար` նոյնիսկ հրաժարելով Աւստրալիան ներկայացնելէ, ուզեցի մենամարտներս կատարել Հայաստանի դրօշին տակ: Ամէն գնով կ՛ուզէի երիտասարդներուն կարելիութիւն ընձեռել մարզուելու եւ անշուշտ յաջողութիւններու հասնելու: Սակայն, երբ չեն գնահատեր քու այդ կատարածդ, անիմաստ կ՛ըլլայ որեւէ բանի նախաձեռնել»:

