Դահուկարշաւ. Պաշտօնապէս Սկիզբը Տրուեցաւ Միջազգային 23-րդ Շաբթուան

Երէկ յետմիջօրէին, Մզար – Քֆարզըպիանի շրջանին մէջ գտնուող «Ինթըրքոնթինենթալ» պանդոկին դիմաց պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ դահուկարշաւի միջազգային 23-րդ շաբթուան, որուն հիւրընկալ երկիրն է Լիբանան:

Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ հովանաւորութեամբը լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:

Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին 14 երկիրներ: Անոնք են` Կիպրոս, Իրան, Սլովաքիա, Փաքիստան, Սերպիա, Ֆրանսա, Հունգարիա, Մարոք, Սլովենիա, Չեխիա, Ուքրանիա, Լաթվիա, Աւստրիա եւ Լիբանան:

 

Share this Article
CATEGORIES