Ճատրակ. Գրիգոր – Սեւակ Մխիթարեան Տիրացաւ Պրազիլի Ախոյեանի Տիտղոսին
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հայազգի կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան տիրացած է Պրազիլի ճատրակի ախոյեանի տիտղոսին:
Ախոյեանութեան պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Մխիթարեան առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 8,5 կէտ հանդիսացած է ախոյեան:
Ան արձանագրած է 7 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ կրած պարտութիւն մը միայն:
Անոր ետին գտնուողները ապահոված են 8 կէտ:
Մխիթարեան ծնած է Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ` 1986-ին: 2006-ին ան եղած է միջազգային վարպետ, իսկ 2010-ին հայազգի ճատրակ խաղացողը ստացած է կրանտմասթըրի տիտղոսը:
CATEGORIES Մարզական

