Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Թրիփոլի
Հինգշաբթի, 7 մարտ 2013-ը, քառասնօրեայ Մեծ պահքի Միջինքի օրը, ազգային եւ կրօնական բերկրառիթ ու եզակի օր մը եղաւ Թրիփոլիի հայութեան համար, երբ առաւօտեան ժամը 10:30-ին Թրիփոլի ժամանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի մուտքին սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ քահանայ հօր, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ, ապա «Սեդա Գաբրիէլեան-Խաչերեան» դահլիճին մէջ սրբազանը վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին սրբազանին այցելութեան եւ Ուսուցչաց տօնին առիթով բարի գալուստի եւ շնորհաւորական խօսքեր արտասանուեցան աշակերտութեան եւ ուսուցիչներուն կողմէ` հայերէնով եւ արաբերէնով: Սրբազան հայրը իր կարգին արաբերէնով բարձր գնահատեց դպրոցին տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որոնք վարժարանը հասցուցած են գովելի բարձունքի մը: Պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք սրբազան հայրը ուղղուեցաւ ՀՅԴ «Նաւասարդ» ակումբ, ուր Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը Միջինքի առիթով հայ մօր նուիրուած աւանդական հաւաքոյթ մը կազմակերպած էր` հովանաւորութեամբ սրբազան հօր:
Ակումբին սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած ներկաները շատ հաճելի պահեր ապրեցան ունկնդրելով օրուան յատուկ կոկիկ յայտագիրը, որ յագեցած էր արտասանութիւններով, մեներգներով, սրտի խօսքերով: Կատարուեցաւ մոմավառութիւն` մեծամեծ դժուարութիւններու տոկացող եւ տառապած հայ մայրերու յիշատակին: Անկէ ետք, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ներկաներէն յարգանքի արժանացաւ հաւատացեալ, եկեղեցասէր եւ բարեպաշտ հայ մայրը: Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Հուսկ ապա սրբազանը իր պատգամով բացատրեց Միջինքի խորհուրդը անցեալին եւ ներկայիս` թելադրելով հայ մայրերուն տուներուն մէջ միշտ ճիգ թափել յիշատակելու համար ազգային եւ կրօնական տօները, վարժեցնելով նոր սերունդը հայկական աւանդութեանց եւ նոյնիսկ ճաշատեսակներուն: «Հայկականութիւնը մեր առօրեայ կեանքը պէտք է ըլլայ», թելադրեց առաջնորդ սրբազանը: Ապա գնահատեց Թրիփոլիի հայութեան օգտակար ձեռնարկները եւ գործունէութիւնները, գովեց Ազգային Նուպարեան վարժարանը` թուելով անոր արձանագրած նուաճումները եւ յիշեցնելով, որ Թրիփոլին հինէն եռուն ազգային կեանք ունեցած ըլլալուն, այժմ այս օրուան համեմատ պէտք է պահէ իր կենսունակութիւնն ու բարձր ոգին:
Եզրակացնելով` սրբազանը յայտնեց, որ ինքզինք հպարտ կը զգայ Թրիփոլիէն մաս մը ունենալուն: Բոլորին մաղթեց ուժ եւ կորով` յիշեցնելով, որ անցեալէն եկող լա՛ւ անունը լա՛ւ պէտք է պահուի:

