Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ` 71-66

Երէկ երեկոյեան, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը:

Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` 71-66 արդիւնքով:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 17-17, 15-13, 16-17 եւ 23-19:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Նաթալի Սվաճեան` 25 կէտ:

Դաշտին թրիպիւնները ամբողջութեամբ լեցուցած էին ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք շեփորախումբի ընկերակցութեամբ մրցումին սկիզբէն մինչեւ աւարտը քաջալերեցին ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:

Ներկաներուն կարգին էր նաեւ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա: Մրցումին սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն Բարսեղ Գաւճեանի յիշատակը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES