Ազրպէյճանի «Էս-300» Համակարգի Վաճառքի Հարցին Մէջ Ռուսական Կողմը Խնդիր Չունի
«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ ռուսական «Ռոսօպորանէքսփորթ» ընկերութենէն ազրպէյճանական աղբիւրներու յայտնած են, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի համաձայնագիրներու հիմամբ ձեռք բերուած զինուորական սարքերու եւ զէնքի տեղ հասցնելը կը կատարուի ժամանակին: Կը նշուի, որ ռուսական ընկերութիւնը Ազրպէյճանը կը տեսնէ ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ իր կարեւոր յաճախորդներէն մէկը:
«Վերջին տարիներուն Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քանի մը կարեւոր համաձայնագիրներ կնքուած են` ժամանակակից սպառազինութիւն եւ զինուորական սարքեր ձեռք բերելու մասին: Ատոր մէջ կը մտնեն օդային, ցամաքային փոխադրամիջոցներու եւ մարտական մեքենաներու տեղ հասցնելու վերաբերեալ տարբեր պատուէրները: Ներկայիս այդ համաձայնագիրները կ՛իրականացուին ծրագիրի համաձայն», յայտնած են ընկերութենէն:
«Ռոսօպորոնէքսփորթ»-ը նաեւ անհիմն նկատած է Ազրպէյճանին «Էս-300» համակարգի վաճառքը Ռուսիոյ ղեկավարութեան կողմէ արգիլուելու մասին վերջին շրջանին մամուլին մէջ տարածուող լուրերը եւ յայտնած, որ Ազրպէյճանի պատուիրած համակարգը արդէն հասցուած է Պաքու:
«Երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնագիրներ ձեռք բերելու կամ իրականացնելու հարցին մէջ ոչ մէկ խնդիր կայ», ըստ «ԱզերիՓրես»-ին յայտարարած են ընկերութենէն:

