Ըստ Հարցախոյզի Մը Էրտողանի Կուսակցութեան Վարկանիշը Նուազած Է
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական «Կեզիճի» հետազօտական կեդրոնին կողմէ Թուրքիոյ 46 նահանգներուն մէջ 9272 անհատներու մօտ կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուած է, թէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարկանիշը նուազած է:
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 38.6 առ հարիւրը «եթէ այսօր տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւն ըլլար, ո՞ր ուժին ի նպաստ պիտի քուէարկէիք» հարցումին պատասխանած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, 28 առ հարիւրը` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, 18.2 առ հարիւրը` Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, իսկ 8.1 առ հարիւրը` քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան:
«Եթէ այսօր խորհրդարանական ընտրութիւններ ըլլային, ո՞ր ուժին ի նպաստ կը քուէարկէիք» հարցումին իբրեւ պատասխան մասնակիցներուն 43 առ հարիւրը նշած է իշխող կուսակցութիւնը, երբ նախորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխող կուսակցութիւնը հաւաքած էր ձայներու շուրջ 50 առ հարիւրը:
Թուրքիոյ քրտաբնակ արեւելքին եւ հարաւ-արեւելքի մէջ իշխող կուսակցութեան քուէները մեծապէս պակսած են, իսկ փոխարէնը բարձրացած են քրտական կուսակցութեան քուէները:

