Ազրպէյճանական Իշխանութիւնները Վտարած Են Բրիտանացի Իրաւապաշտպան Մը
Բրիտանական եւ ամերիկեան արմատներով իրաւապաշտպան Ռեպեքա Վինսընթ Դիմատետր ընկերային ցանցի իր էջին վրայ տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները փաստացիօրէն զինք Պաքուէն վտարած են:
«Սիրելի՛ ընկերներ, ձեզմէ շատերը գիտեն, որ ես այլեւս Պաքու չեմ բնակիր: Պատճառը այն է, որ զիս այլեւս չեն ուզեր Ազրպէյճանի մէջ տեսնել: Զիս փաստացիօրէն վտարած են երկրէն` իրաւապաշտպան գործունէութեանս, մասնաւորաբար, «Արուեստ` յանուն ժողովրդավարութեան» քարոզարշաւին մէջ իմ դերիս համար», գրած է ան: Դեկտեմբեր 2012-ին սկսած քարոզարշաւին նպատակը իրաւական հարցերու նկատմամբ քաղաքացիներու գիտակցութիւնը բարձրացնելն է:
Ապա, Վինսընթ կը տեղեկացնէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները իրմէ «ձերբազատուած են» շատ խորամանկ ձեւով. «Ես Բրիտանիա մեկնած էի` Ծննդեան տօները նշելու: Օրեր ետք տեղեկացայ, որ իմ` Ազրպէյճան ելումուտի փաստաթուղթերս սառեցուած են»:
Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան միջեւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Վինսընթին, ի վերջոյ թոյլ տուած էին վերադառնալ Պաքու, սակայն պայման դրած էին, որ իրաւապաշտպանը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը:
Վինսընթ համաձայնած էր, որովհետեւ անոր ամուսինը Պաքուի մէջ էր: Վերադառնալէ շաբաթներ ետք, սակայն, անոր ըսած էին, որ «պէտք է հեռանայ»:
«Բռնատիրական երկրին մէջ մարդկային իրաւանց մարզին մէջ աշխատիլը, ի հարկէ, վտանգաւոր է: Բախտաւոր եղայ, որ բանտի մէջ չեմ յայտնուած կամ բռնութեան չեմ ենթարկուած, ինչ որ իրենց մաշկին վրայ զգացած են իմ տեղացի (ազրպէյճանցի) ընկերներէս ու գործընկերներէս շատերը: Այժմ ես կը միանամ անոնց, որպէսզի հասնինք անոր, որ միջազգային հանրութիւնը սկսի աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող ծանր վիճակին…», գրած է իրաւապաշտպանը:


