Իսրայէլ Կոլանի Մէջ Խաղաղապահներու Առեւանգումը Վտանգաւոր Զարգացում Կը Նկատէ «Էրտողանի Կառավարութիւնը Ահաբեկչութեան Աջակցիլ Եւ Շրջանի Կայունութիւնը Քայքայել Վճռած Է» Կ՛ըսէ Ասատ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ թուրք երեսփոխաններու պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի մը ընթացքին քննադատեց քաղաքականութիւնը թրքական կառավարութեան, որ «ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան աջակցիլ վճռած է»:
Ան ըսաւ, որ «անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ կայունութեան զօրակցող թուրք ժողովուրդի կեցուածքը եւ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան աջակցիլ եւ տարածաշրջանի մէջ կայունութիւնը քայքայել վճռած Էրտողանի կառավարութեան կեցուածքը իրարմէ անջատել»` աւելցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը կը գնահատէ «Էրտողանի կառավարութեան շրջանին, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ մեր ընկերութիւնները յատկանշող ցեղային եւ կրօնական բազմազանութեան վրայ ժխտական կերպով ազդող քաղաքականութեան դէմ թուրք ժողովուրդի ուժերուն եւ կուսակցութեանց կեցուածքները»:
Ըստ Սուրիոյ նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան, Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն Հասան Աքկիւլի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը Ասատին յայտնած է, որ թուրք ժողովուրդը կը մերժէ սուրիական ներքին հարցերուն միջամտութիւնը եւ բարի դրացիական յարաբերութեանց նախանձախնդիր է:
Հանդիպումին ընթացքին թրքական երեսփոխանական պատուիրակութեան անդամները զգուշացուցած են սուրիական տագնապին մասնաւորաբար Թուրքիոյ ներքին կացութեան եւ ընդհանուր առմամբ շրջանի երկիրներուն վրայ ունենալիք ազդեցութեան վտանգներէն:
Միւս կողմէ, Դամասկոս երէկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ուղղուած եւ թուրք կառավարական պաշտօնատարներու` «Քայիտայի առնչուած ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն ապաստան տրամադրել, մարզել, զինել եւ ֆինանսաւորել շարունակելնուն» շուրջ նամակին մէջ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց «յստակ եւ անկեղծ» կերպով իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնիլ եւ սուրիական տագնապին մէջ Անգարայի «մեղսակցութիւնը» դատապարտել` նշելով, որ այդ իրողութեան անտեսումը կը նպաստէ տագնապի շարունակման եւ «ահաբեկչական խմբակցութեանց» ծածկոյթ կը տրամադրէ իրենց «ջարդերը» գործադրելու:
Կոլանի Մէջ Խաղաղապահներու
Առեւանգման Հարց
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան ապահովական եւ քաղաքական մարմնի նախագահ Ամոս Կիլատ յայտնեց, որ «հարաւային Կոլանի բարձունքներու սուրիական բաժինին մէջ ՄԱԿ-ի ֆիլիփինցի դէտերու առեւանգման դէպքը վտանգաւոր դէպք մըն է»: Ան յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ ՄԱԿ առեւանգողները պիտի համոզէ պատանդները ազատ արձակելու:
«Իսրայէլ աչալուրջ կերպով կը հետեւի Սուրիոյ հետ սահմանին ետին արձանագրուող իրադարձութեանց եւ որեւէ հաւանական զարգացումի բոլոր պատրաստութիւնները կը տեսնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Սուրիա ներկայիս քայքայումի հանգրուանէ մը կ՛անցնի, ինչ որ կրնայ նոր վտանգներ յառաջացնել»: Ան ընդգծեց, որ «քիմիական զէնքերն ու հրթիռները տակաւին Պաշշար Ասատի վարչակարգի ուժերուն վերահսկողութեան տակ են»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ բուռն կերպով դատապարտեց ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու առեւանգումը` պահանջելով «անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու զանոնք ազատ արձակել»:
Ան հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ բոլոր կողմերը պէտք է յանձնառու մնան Կոլանի վրայ զինադադարի հաստատման 31 մայիս 1974-ի համաձայնութեան բոլոր պայմաններուն` աւելցնելով, որ Ռուսիա բազմիցս Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արծարծեց Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի հսկողութեան տակ գտնուող տարածքը զինեալներու կողմէ իբրեւ մարզումի եւ զէնքի մաքսանենգման ճամբար, ինչպէս նաեւ իբրեւ սուրիական բանակին դէմ կռուելու զօրակայան օգտագործումը մերժելու հարցը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտեց դէտերու առեւանգումը եւ կոչ ուղղեց զանոնք «անմիջապէս ազատ արձակելու»: Ան Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն յիշեցուց, որ այդ ուժերը Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ ուժերու անջատման համաձայնութեան հսկելու պարտականութիւնը ունին եւ «բոլոր կողմերը պէտք է յարգեն ուժերու երթեւեկի ազատութիւնը, ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը»:
Սուրիական ընդդիմութենէն զինեալ խմբաւորում մը չորեքշաբթի օր առեւանգած էր 21 դէտեր: Խաղաղապահներու գերեվարման մասին «Եութիուպ»-ի վրայ զետեղուած տեսանիւթի մը մէջ զինեալները յայտարարեցին, որ գերեվարած են ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութեան 20 անդամներ: Ինքզինք իբրեւ «Եարմուքի նահատակներ» ջոկատի անդամ ներկայացնող անձ մը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի աշխատակիցները ազատ պիտի արձակուին միայն այն ժամանակ, երբ սուրիական վարչակարգի զօրքերը հեռանան Ժամիլիյա գիւղէն:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց` «սուրիական տագնապին արագ լուծում մը գտնելու Եգիպտոսի, Իրանի եւ Թուրքիոյ ջանքերուն զօրակցելու»: Ան Պան Քի Մունի ուղղուած իր նամակին մէջ նշեց, որ երեք երկիրները տագնապի խաղաղ լուծման համար իրենց ջանքերը կը շարունակեն:
Ան ցաւ յայտնեց կարգ մը երկիրներու աջակցութիւնը վայելող ծայրայեղական եւ ապօրէն խմբաւորումներու ահաբեկչական արարքներուն եւ Սուրիոյ ու շրջանի կայունութիւնը քայքայելու արարքներուն շարունակման համար:
Սուրիական Ծովափին Վրայ Իսրայէլեան
Լրտեսական Սարքեր
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական ծովափին մէկ կէտին վրայ իսրայէլեան լրտեսութեան սարքեր յայտնաբերուած են: Ի յայտ եկած է, որ անոնք լսումներ կատարելու, լուսանկարելու, արձանագրելու եւ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար զետեղուած են:
Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին յայտնեց, որ յայտնաբերուած իսրայէլեան սարքերը քանի մը ամիսէ ի վեր զետեղուած են սուրիական ծովափին վրայ:

