Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԱՀԼԷԻ ոստիկանութիւնը երէկ գրաւեց Թուրքիոյ կողմէ մաքսանենգուած դեղորայք` բեռնատարով մը հիւսիսային Լիբանանէն դէպի Պեքաա ուղղուելու ընթացքին: Պեքաայի դատախազ Ֆարիտ Քալլաս ապահովութեան ուժերուն հրահանգեց գրաւել դեղորայքը եւ ձերբակալել վարորդը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախանցեալ երեկոյեան երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն մը գոյացաւ այն իրականութեան շուրջ, թէ խառն ընտրական օրինագիծը լաւագոյնն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի շեշտեց լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման չի փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել, այլ` յետաձգել զանոնք:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ խորհրդարանին եւ հանրապետութեան նախագահին նստաշրջանները երկու տարիով պիտի երկարաձգուին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը նկատէ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հարցերուն նկատմամբ լուրջ վերաբերում կը ցուցաբերէ:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը հովանաւորէ Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի քայլերը, իսկ ապահովական կարգ մը հաստատութիւններ կը զօրակցին անոր:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններ կոչ կ՛ուղղեն իրենց քաղաքացիներուն զգուշանալու Լիբանան ուղղուելէ:

