Ֆրենժիէ Ընդունեց Թոմ Ֆլեչըրը
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Թոնի Ֆրենժիէի եւ Մարատա հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ռոնի Արայժիի:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ Ֆրենժիէի հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ հարցերը բարդ են եւ վտանգաւոր: Հետեւաբար պէտք է լիբանանցի ղեկավարներուն հետ համախոհութիւն գոյացնել ընտրական օրէնքի մը շուրջ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ժամանակը գրեթէ սպառած է:
Ֆլեչըր յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական իշխանութիւնները երկիրը մղեն դէպի միասնականութիւն եւ ապահովութիւն` նկատի ունենալով, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ գոյանալիք համախոհութիւնը պիտի չլուծէ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերը: