Ռայի Պատրիարքը Ընտրուեցաւ Վատիկանի Վարչական Խորհուրդի Պատասխանատուի Օգնական

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ նոր պապի ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով կը գտնուի Վատիկան, երէկ ընտրուեցաւ Վատիկանի վարչական հարցերու պատասխանատու Քամըրլինկ կարտինալի երեք օգնականներէն մէկը:

Միւս կողմէ, Իտալիոյ մէջ արաբական համայնքի նախագահ Ֆուատ Աուտէ Իտալիոյ «Աքի» պաշտօնական լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ արաբական ծագում ունեցող նոր պապի մը ընտրութիւնը կրնայ իրարմէ հեռու երկու աշխարհներուն միջեւ մերձեցում ստեղծել, ինչպէս նաեւ նպաստել իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան:

Աուտէի ակնարկութիւնը ուղղակի Ռայի պատրիարքին կ՛երթար: Ան շեշտեց, որ կարտինալ Ռայի պիտի ըլլայ երկու քաղաքակրթութիւններն ու մշակոյթները կամրջող անձնաւորութիւն մը, ինչպէս նաեւ երկու աշխարհները միասնականացնող խորհրդանիշ մը` խզելով փոխադարձ անվստահութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )