Ֆայեզ Ղոսըն. «Բանակը Կողմնակալ Չէ Եւ Այս Կամ Այն Ուժին Դէմ Չի Կողմնորոշուիր»
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ բացարձակ զօրակցութիւն կայ` Լիբանանի տարածքին անոր գործադրած բոլոր առաքելութիւններուն մէջ:
Ղոսըն ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը եւ զօր. Քահուաժիի հետ քննարկեց բանակին կարիքները:
Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը մեծապէս օժանդակած է Լիբանանին սպառնացող լուրջ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ իր ջանքերը` մնալով հաւատարիմ իր այն համոզումին, թէ ան կողմնակալ չէ երբեք, եւ այս կամ այն ուժին դէմ չի կողմնորոշուիր:
CATEGORIES Լիբանանեան

