Մանսուր. «Յանձնառու Կը Մնամ Լիբանանի Շահերուն, Սակայն Արաբական Լիկային Որոշումները Իրենց Հետեւանքները Պիտի Ունենան Երկրին Վրայ»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ վերադարձաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մանսուր յայտնեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ Լիբանանի շահերուն, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապներուն նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքին:
Մանսուր շեշտեց, որ իրեն դէմ կատարուած յայտարարութիւնները թիրախ կը դարձնեն երկրին կառավարութիւնը: Ան աւելցուց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին իրեն դէմ կատարուած յայտարարութիւնները նորութիւն չեն, որովհետեւ անոնք նոյն ցեխարձակումներն են, որոնք կառավարութեան հասցէին կատարուած են` անոր կազմութեան առաջին իսկ օրէն:
Մանսուր նկատել տուաւ, որ Արաբական լիկային տուած որոշումները իրենց հետեւանքները պիտի ունենան Լիբանանի վրայ:
Ան շեշտեց, որ Արաբական լիկային կողմէ տրուած այն որոշումը, թէ որեւէ երկիր կրնայ դէպի Սուրիա զէնք ուղարկել, վտանգաւոր որոշում է, որովհետեւ ատիկա կը նշանակէ, թէ ցամաքային եւ օդային ազատութիւն պիտի ըլլայ դէպի Սուրիա զէնք հասցնելու: Հետեւաբար, պէտք է զգուշ ըլլալ:
Մանսուր ընդգծեց, որ Արաբական լիկան իր որոշումով առիթ կու տայ այլ պետութիւններու Սուրիոյ հարցին զինուորական միջամտութիւն կատարելու, ինչ որ շատ վտանգաւոր է:
Ան հարց տուաւ, որ Սուրիոյ սահմանամերձ երկիրը ըլլալով, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանը անձեռնմխելի պահել Սուրիա մուտք գործելիք զէնքերէն:
Միւս կողմէ, Մանսուր հաստատեց, որ ինք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի համբոյրին դէմ ապտակով չէ պատասխանած:
Մանսուր աւելցուց, որ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներուն նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքը ինք պատրաստած է:

