Պըրրի – Փլամպլի Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Փլամպլի հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ ինք շեշտած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատած, որ ՄԱԿ յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Փլամպլի ողջունեց խորհրդարանին ի գործ դրած օրէնսդրական ջանքերը, որոնք կը միտին ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: Ան նկատել տուաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման ժամկէտը գրեթէ կ՛աւարտի` նշելով, որ այդ ընտրութիւնները կարեւոր են երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին համար:

Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընտրական ոչ մէկ օրինագիծ առաջարկած է նախանցեալ օրուան հանդիպումին ընթացքին, այլ` քննարկած է երկրին մէջ տիրող ապահովական կացութեան մանրամասնութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES