Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Նստացոյց Մը Կատարեց Նուազուրդի Վարչութեան Կեդրոնին Դիմաց Եւ Ուսուցչաց Տօնը Նշեց Եունեսքօ-Ի Պալատին Մէջ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ Վերտանի մէջ` նուազուրդի վարչութեան կեդրոնին դիմաց կատարեց իր նստացոյցը, որուն ընթացքին դարձեալ շեշտեց իր արդար պահանջները, որոնք պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներն են:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ բաց գործադուլի պիտի սկսի Լիբանանի մէջ` ընդգծելով, որ ուսուցիչներն ու աշակերտները իրենց կարգին պիտի մասնակցին բաց գործադուլին, որ վերջ պիտի չգտնէ, մինչեւ կառավարութեան կողմէ աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը խորհրդարան չփոխանցուի:
Ղարիպ շեշտեց, որ գործադուլին վերջ տալու եւ ուսման տարեշրջանը փրկելու պատասխանատուութիւնը կառավարութեան տնօրինումին յանձնուած է:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նշեց Ուսուցչաց տօնը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով նախարարներ ու երեսփոխաններ:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին 17 պետական անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց խոստումներով եւ ուսուցիչներուն պահանջները արդար նկատելու յայտարարութիւններով ընդվզեցուցին սրահը լեցուցած ուսուցիչները:
Ի տես ստեղծուած այս կացութեան, ուսուցիչ մը մղուած իր ընդվզումէն բարձրացաւ ամպիոն եւ հաստատեց, որ իրենք երեսփոխաններուն կողմէ այս յայտարարութիւններուն կարիք չունին, որովհետեւ այլեւս կուշտ կը զգան խօսքերէն եւ կը պահանջեն գործեր: Ան աւելցուց նաեւ, որ եթէ երեսփոխանները կը կարծեն, թէ այս ձեռնարկը ընտրական հաւաք է, ապա չարաչար կը սխալին:
Ձեռնարկէն ետք ուսուցիչները իրենց համար կազմակերպուած «յատուկ տօնակատարութենէն» դժգոհ դուրս եկան:

