«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Չկատարուին 1960-ի Ընտրական Օրէնքին Հիման Վրայ» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ Քասսար

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յոյս յայտնեց, որ ընտրական արդիական օրէնք մը մշակելու ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ օրէնքը մշակել կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծին հիման վրայ, ինչպէս նաեւ զայն մշակել այնպիսի ձեւով մը, որ երկրին քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովէ:

Նախագահ Սլէյման Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութեան հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը սպասէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Ատնան Մանսուրի վերադարձին, որպէսզի անոր հետ քննարկէ Գահիրէի մէջ անոր ունեցած կեցուածքներուն մանրամասնութիւնները:

Ան շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան եւ պիտի ապահովեն լիբանանցիներուն մասնակցութեան 95 առ հարիւրին համեմատութիւնը, սակայն ոչ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ մեծամասնական եւ համամասնական դրութիւններուն վրայ հիմնուած խառն ընտրական օրէնքը համախոհութեան աւելի ատակ է, քան այլ օրինագիծեր:

Նախագահը հերքեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը սպառնացած է Լիբանանին:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու այս հանգրուանին ընկերային հարցերու նախարարութեան դիմագրաւած հարցերը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսարը, որուն հետ քննարկեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացման հեռանկարները, Ծոցի երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Քասսար յայտնեց, որ այս զգայուն հանգրուանին Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանել փորձող նախագահ Սլէյմանի հետ հանդիպումը անկեղծ էր եւ մտերմիկ` նշելով, որ ինք նախագահին փոխանցած է, թէ Տնտեսական խորհուրդները կը մերժեն պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները կատարել` նկատի ունենալով այդ յաւելումներուն հետեւանքները, որոնք փորձանք պիտի ըլլան երկրին տնտեսական կացութեան համար:

Անդրադառնալով Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն` Քասսար յայտնեց, որ Տնտեսական խորհուրդներուն մէկ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա` աւելցնելով, որ ինք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկած է Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին կողմէ Լիբանանի ուղղուած սպառնալիքը, որ յայտարարուած էր Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայանիի կողմէ:

Այս իմաստով Քասսար կոչ ուղղեց նախագահ Սլէյմանին, որ արաբական երկիրներուն, յատկապէս Ծոցի երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները հեզասահ պահուին:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին խօսելով Քասսար յայտնեց, որ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, համախոհական եւ բոլորին համար արդար ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ:

Քասսար անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը` ընդգծելով, որ Լիբանանի կայունութիւնը կարմիր գիծ է, որուն ոչ ոք պէտք է մօտենայ:

Նշենք, որ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի անդամները իրենց նիստէն ետք Լիբանանի մէջ մէկ միլիառ տոլարի ներդրումներէն հրաժարած են:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայանիի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի փոխանցած նամակը կարեւոր կը նկատէր, որ Լիբանան յանձնառու մնար «Պաապտայի յայտարարութեան»:

Ասիրի հաստատեց, որ իրենք նախագահ Սլէյմանի մօտ շօշափած են Ռիատի պահանջին ընդառաջելու պատրաստակամութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղան նաեւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար, նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար եւ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի:

 

Share this Article
CATEGORIES