Րաֆֆի Յովհաննէսեանի Բազմամարդ Հաւաք` Գիւմրիի Մէջ

Նախագահական ընտրութեան արդիւնքները վիճարկող Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ դարձեալ ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Գիւմրիի մէջ: Նախքան Գիւմրի այցելելը ան այցելած էր նաեւ Թալին եւ Արթիկ:

Րաֆֆի Յովհաննէսեան հաւաքուած հոծ բազմութեան տեղեկացուց, որ հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի պատուիրակութեան հետ եւ անոր առջեւ յստակ պահանջ ներկայացուցած:

«Շատ պարզ ներկայացուցի, որ այդ նոյն Արեւմուտքը եւ Գերմանիան, որոնք կը ճանչնան Քոսովոն, պիտի ճանչնան Արցախը: Այդ նոյն Գերմանիան եւ Եւրոպան, որոնց աղբիւրներէն մէկն է Հայաստանի քաղաքակրթութիւնը` առաջին քրիստոնեայ ազգը, պիտի ճանչնան մեր Ցեղասպանութիւնը եւ մեծ հայրենազրկումը: Ժամանակ կու տանք` 24 ապրիլ 2015-ին դուք պիտի ճանչնաք մեր իրաւունքը», յայտարարեց ան:

Յովհաննէսեան իշխանութիւններուն այլ պահանջ մըն ալ ներկայացուց. «Սերժ Սարգսեան մինչեւ 9 ապրիլ ինքնաբացարկ պէտք է յայտարարէ` հրաժարական»:

Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը նախանցեալ օր յայտարարութիւն մը տարածած էր 5 մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն միասնական ցանկով մասնակցելու վերաբերեալ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի այդ յայտարարութեան, Յովհաննէսեան նշեց. «Ես կ՛ողջունեմ միասնականութեան որեւէ արտայայտութիւն եւ դրսեւորում, բայց նախ եւ առաջ բոլորը միասին հայ ժողովուրդին պէտք է միանան` հասկնալու համար, որ ժողովուրդը 18 փետրուարին, ոչ թէ 5 մայիսին, արդէն յաղթանակ տարած է եւ այդ յաղթանակը պէտք է արձանագրեն բոլորը` պարոն Սարգսեանէն սկսեալ, բոլոր կուսակցութիւնները, բոլոր քաղաքացիական հոսանքները, որոնց շարքին` Հայ ազգային քոնկրեսը: Ով որ կանգնեցաւ ժողովուրդի կողքին, ով որ ըսաւ, որ ժողովուրդը յաղթած է 18 փետրուարին, եւ մենք պիտի արձանագրենք մեր յաղթանակը, որ պիտի մերժէ հերթական կեղծուած ընտրութիւնը, ինք կրնայ խօսիլ 5 մայիսի մասին: Ես միասնական հանդէս գալ կը պահանջեմ հիմակուընէ, ոչ թէ 5 մայիսին»:

Share this Article
CATEGORIES