Գերմանիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Հայաստան
Նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 մարտին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամմերթը:
Նախագահը ողջունեց բարձրաստիճան հիւրը, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն կարեւոր նկատեց բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները եւ ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Գերմանիոյ հետ համագործակցութեան կայուն եւ շարունակական զարգացումով: Նախագահ Սարգսեան հայ-գերմանական յարաբերութիւններու խորացման ու ամրապնդման գործին մէջ մեծապէս կարեւոր նկատեց միջխորհրդարանական համագործակցութեան դերը:
Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահը հանդիպման սկիզբը վերընտրման առիթով շնորհաւորեց նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց պաշտօնավարման երկրորդ նստաշրջանին համար: Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, ըստ Լամմերթի, աւանդաբար լաւ եւ բարեկամական են, ինչ որ ամուր հիմք եւ լաւ նախադրեալ է խորհրդարանական մակարդակով համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու համար: Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահը այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ունեցած իր հանդիպումներն ու բանակցութիւնները երկխօսութիւնը զարգացնելու տեսանկիւնէն արդիւնաւէտ եւ քաջալերող նկատեց:
Այցելութիւն` Ծիծեռնակաբերդ
Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամմերթ 6 մարտին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձան: Յարգանքի տուրք մատուցելով 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` այնուհետեւ ան դիտեց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ցուցադրուած նիւթերը եւ արձանագրութիւն ձգեց բարձրաստիճան եւ պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին վրայ:
«Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին համար մեր զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը կը յայտնենք հայ ժողովուրդին», գրեց Նորպերթ Լամմերթ:
Նախքան ցուցանմուշները դիտելը` Լամմերթ լրագրողներուն յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան թանգարան եւ յուշարձան այցելելը իր Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ամէնէն յուզիչ մասն էր: Լամմերթ նշեց, որ ինք կը դատապարտէ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած դէպքերը եւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին: Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցին մէջ նշեց, որ տակաւին 2005 թուականին Գերմանիոյ խորհրդարանը ընդունեց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը:
Հանդիպում` Նախարար Նալբանդեանի Հետ
Նոյն օրը նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Լամմերթը: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին հայ-գերմանական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին` քաղաքական երկխօսութեան, տնտեսական համագործակցութեան, գիտական-կրթական եւ մշակութային փոխանակումներու առնչութեամբ: Իբրեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ընդլայնման կարեւոր ձեւաչափ երկու կողմերը ընդգծեցին խորհրդարանական աշխուժ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու, իրականացուող ծրագիրներու եւ Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն վերաբերեալ:
Խորհրդարանի նախագահին խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Լամմերթ բարձր գնահատեց Աֆղանիստանի մէջ ապահովութեան աջակցման ուժերու գերմանական զօրախումբի կազմին մէջ հայ խաղաղապահներու ծառայութիւնը:
Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Երկխօսութիւն Տեսնելու Ցանկութիւն
Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամմերթ երէկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տուած դասախօսութենէն ետք, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ներկայիս Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը, յայտնեց, որ չ՛ուզեր գնահատականներ տալ, սակայն կը ցանկայ երկրին մէջ քաղաքական երկխօսութիւն տեսնել:
Լամմերթ յայտնեց, որ ինք ոգեւորուած է Հայաստանի մէջ ունեցած իր հանդիպումներէն եւ մեծ յոյսեր ունի, որ նախագահական ընտրութիւններու եւ երկրի ապագային վերաբերեալ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քննարկումները լուրջ արդիւնքներ ունենան:
Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահը նոր սերունդին կոչ ուղղեց զարգացնելու Հայաստանը եւ չսպասելու Եւրոպական Միութեան ջանքերուն: Ան յայտարարեց, որ թէեւ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը առայժմ յաջողած կը նկատուի, սակայն Հայաստան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու նոյնիսկ հեռակայ ծրագիրներ պէտք չէ ունենայ:
«Յստակ է, որ մենք աւելի շատ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային հետաքրքրութիւններ ունինք Հայաստանի նկատմամբ, քան որեւէ ափրիկեան կամ ասիական երկիր: Սակայն ատիկա կը նշանակէ, որ Հայաստանի նման երկիրները յարաբերութիւններու բարելաւման համար պէտք է մօտենան եւրոպական չափանիշներուն», յայտնեց Լամմերթ եւ բերաւ Թուրքիոյ օրինակը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը ձգտի Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ: Լամմերթ յայտնեց, որ ինք շատ թերահաւատօրէն տրամադրուած է Թուրքիոյ անդամակցութեան նկատմամբ:
Լամմերթ նշեց, որ Խրուաթիան պիտի անդամակցի Եւրոպական Միութեան:
Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ եթէ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամ դառնայ, ատիկա կը նշանակէ Եւրոպական Միութեան դռները բանալ, եւ ինք չի կրնար որեւէ լուրջ պատճառ նշել, թէ ինչո՛ւ միւս, շրջանի ոչ եւրոպական ընտանիքի երկիրները այդ կարելիութիւնը պիտի չունենան: Ան յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը մօտիկ ապագային ընդլայնման այդպիսի կարելիութիւններ չունի, աւելի լաւ է զերծ մնալ այդ որոշումէն:
ՆՇԵՆՔ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ հանդիպումէն ետք Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ: Անոնք քննարկեցին նախագահական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած արտակարգ իրավիճակը Հայաստանի մէջ:
Յովհաննէսեան նշեց, որ պէտք է հայ ժողովուրդին կամքը յարգուի եւ յայտնեց, որ Գերմանիա կեղծուած ընտրութիւնները պաշտպանելու փոխարէն` կրնայ յարգանքի արժանացնել ժողովրդավարական շարժումը: