«Ստեփանակերտի Օդակայանի Վերագործարկումը Պիտի Չօգնէ Խաղաղ Լուծման Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Պարոզօ

Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ

Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Ստեփանակերտի օդակայանին վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դիրքորոշումին:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ երէկ յայտարարեց, որ օդակայանէն թռիչքներու իրականացումը պիտի չօգնէ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին:

Կոչ ուղղելով ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն գործելու միջազգային իրաւունքի շրջագիծին մէջ` Պարոզօ նշեց, որ այդ օդակայանի գործարկումը չի կրնար օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի սթաթիւս քոյի փոփոխութիւնը խոչընդոտելու համար:

Նշենք, որ ապրիլ 2011-ին եւ յուլիս 2012-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձան Ստեփանակերտի օդակայանի խնդիրին` մտահոգութիւն յայտնելով, որ անոր վերագործարկումը կրնայ սրել իրավիճակը տագնապի գօտիին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES