Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Իր Լիթուանիացի Գործընկերոջ Հետ

Լինքեւիչուս եւ Նալբանդեան

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչուսի հանդիպումը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Լիթուանիոյ հետ աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ ընդգծեց, որ ատիկա պայմանաւորուած է շարք մը հանգամանքներով. Լիթուանիան առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեց 1991 թուականին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առաջին միջպետական համաձայնագիրը ստորագրուած է Լիթուանիոյ հետ: Էդուարդ Նալբանդեան աւելցուց, որ բարձր մակարդակով յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները մեծապէս կը նպաստեն տարբեր մարզերուն մէջ համագործակցութեան խթանման:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Երեւան այցելելու հրաւէրին համար` Լինաս Լինքեւիչուս գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ վերջին տարիներուն աշխուժացած համագործակցութեան առնչութեամբ եւ ընդգծեց լիթուանական կողմին պատրաստակամութիւնը զանոնք աւելի ամրապնդելու եւ ընդլայնելու վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին նախարարները զրոյց ունեցան հայ-լիթուանական յարաբերութիւններու բազմաթիւ հարցերուն վերաբերեալ: Կարեւոր նկատուեցաւ 2011 թուականին Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայտէի այցելութիւնը Հայաստան եւ քննարկուեցաւ նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու պարբերական հանդիպումներու շարունակականութեան ապահովման անհրաժեշտութեան եւ միջխորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման:

Նախարարներ Նալբանդեան ու Լինքեւիչուս անդրադարձան նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման, առեւտրական-տնտեսական եւ պաշտպանական մարզերուն մէջ համագործակցութեան, ձեւաւորուած իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, գիտակրթական եւ մշակութային կապերու աշխուժացման:

Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ քննարկումները: Արձանագրուեցաւ, որ Հայաստան այս տարիներուն ընթացքին լուրջ յառաջընթաց արձանագրած է Եւրոպայի հետ մերձեցման հոլովոյթին մէջ: Քննարկուեցան 2013 թուականի աւարտին Վիլնիուսի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:

Զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան շարք մը շրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները, հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:

 

Share this Article
CATEGORIES