«Կարեւորը Ոչ Թէ Բանակցութիւններու Ձեւաչափն Է, Այլ` Քաղաքական Կամքը» Կ՛ըսէ Մոռնինկսթար

Ազրպէյճանական «Քոնթաքթ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, պատրաստ են շարունակելու ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերը»:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան` դեսպանը նշած է, որ վճռորոշը ոչ թէ բանակցութիւններու ձեւաչափն է, այլ` քաղաքական կամքը:

«Գիտեմ, որ հիասթափութիւն կայ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ կատարուող բանակցային հոլովոյթին նկատմամբ, սակայն ես ալ կ՛ուզեմ հարցնել` արդեօք բանակցութիւնները այդքա՞ն կարեւոր են… Խնդիրի վերջնական լուծման հասնելու համար իրականութեան մէջ կարեւոր է կողմերու քաղաքական կամքը: Իւրաքանչիւր իրավիճակի մէջ բարդ հարցերու առնչութեամբ պէտք է կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել», յայտարարած է Մոռնինկսթար:

Share this Article
CATEGORIES