50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1963)
Հայ Կեանք
Երկու Հայ Քոյրեր 40 Տարի Վերջ
Իրար Կը Գտնեն
Հարաւային Ֆրանսայի Առլ քաղաքի օրաթերթը կը հաղորդէ հետեւեալ լուրը.-
Անցեալ շաբաթ Առլ կայարանը հասաւ Նիս-Սթրազպուրկ շոգեկառքը: Ուղեւորներ կ՛իջնեն վար ու կ՛ուղղուին դէպի ելք: Այս ճամբորդներուն մէջ կը նշմարենք կին մը, որ զգալի վարանումով կը նայէր ճամբորդներուն, կարծէք` մէկը կը փնտռէր:
Եղաւ վերջապէս յուզիչ հանդիպումը երկու քոյրերու` իրարմէ քառասուն տարի առաջ բաժնուած Էլիզապէթ եւ Մարի Կիրակոսեաններու:
Երկուքն ալ խոր յուզումի մէջ ոչ մէկ բառ կրնային արտասանել: Գրկախառն համբոյրներով կապուած կը մնային մօտ կէս դարէ ի վեր բաժնուած այս քոյրերը:
Քառասուն տարուան բաժանումէ մը ետք երկու քոյրերէն իւրաքանչիւրը պիտի պատմեն այժմ իրարու, թէ ինչեր անցած են իրենց սխրալի բաժանումէն ի վեր:
Քեմանչիստ Ռուբէն Հալէպի Մէջ
«Մասիս»-ի թղթակիցը Հալէպէն կը գրէ.-
Հոկտեմբերի վախճանէն մինչեւ փետրուարի սկիզբը քեմանչահար Ռուբէն մնաց Հալէպ, ուր առիթ ունեցաւ նուագելու Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած հանդէսին` ի պահիւ Մեսրոպ Մաշտոցի, ինչպէս նաեւ` Թէքէեան մշակութային միութեան կազմակերպած հանդէսին, որուն ներկայ էր Սիլվա Կապուտիկեան: Այնուհետեւ սարքեց բազմաթիւ նուագահանդէսներ` թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ՛ դպրոցականներու համար անխտիր:
Հայկական շրջանակներու մէջ կատարուած նուագածութեան համբաւը տարածուեցաւ Հալէպի մջ, եւ յայտնի սուրիացի պետական եւ կրթական դէմքեր փափաքեցան, որ հայ քեմանչահարը նուագէր նաեւ իրենց շրջանակին մէջ: Երկու նուագահանդէսներ տեղի ունեցան միջազգային յայտագրով. մին` Հալէպի ազգային մատենատան սրահին մէջ, միւսը` Հանրային կրթութեան շէնքի սրահին մէջ:
Քեմանչահար Ռուբէն յայտագրերու վերջաւորութեան լսելի ըրաւ իր նոր յօրինած «Ողջո՜յն Հալէպի» նուագը, որ գնահատանքով ողջունուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ: Բնագիրը յանձնուեցաւ Ուսման եւ ազգային կրթութեան տնօրէնին` Ճելալ Զահիլ Մալլահի:
Արաբական թերթերը, գրեթէ բոլորը, դրուատալից տողեր նուիրեցին հայ քեմանչահարին:
29 նուագահանդէսներ տուաւ Ռուբէն, Սուրիոյ հայաշատ քաղաքին մէջ, խանդավառելով բոլոր հանդիսականները:
Հայուհի Մը 100.000 Ոսկինոց Կալուածը
Կը Նուիրէ Պոլսոյ Եկեղեցիին
Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ (5 մարտ) կը կարդանք.-
ԵկեղեցասԷր ու բարեպաշտ հայուհի մը` Նշանուհի Ճնոյեան, իր մէկ ուխտին կատարման առթիւ, Նառլըգափուի եկեղեցիին նուիրած է 305 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ հողամասի մը վրայ գտնուող իր մէկ կալուածը, որուն արժէքն է հարիւր հազար ոսկի:
Թաղական խորհուրդը իր վերջին նիստին հրաւիրած է Նշանուհի Ճնոյեանը: Յանուն թաղական խորհուրդին, ատենապետ Յակոբ Փերտահճեան շնորհակալութիւն յայտնած է բարեպաշտ կնոջ` իր գնահատելի ու օրինակելի ժեսթին առթիւ, եւ աւելցուցած է` թէ ամէն տարի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Նշանուհի Ճնոյեանի ննջեցեալներու յիշատակին:
Պատասխանելով ատենապետին, Նշանուհի Ճնոյեան ըսած է, թէ աստուածահաճոյ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալով` սրտի ու խղճի կատարեալ անդորրութիւն մը կը զգայ, եւ թէ` հոգեպէս հրճուի սրբավայրը տեսնելով իր տանը մէջ:
Պոլսոյ Մէջ Մեռած Է Տոքթ. Հ. Փեշտիմալճեան
Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է տոքթ. Հրանդ Փեշտիմալճեան, 79 տարեկան հասակին:
Տոքթ. Հրանդ Փեշտիմալճեան երկար տարիներ ազգային պատասխանատու եւ կարեւոր պաշտօններ վարած է: Եղած է Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի պատասխանատու տնօրէն եւ հոգաբարձու: Բ. Աշխարհամարտին քանի մը ընկերներով առանձինն տարած է Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգը: Զանազան շրջաններուն ընտրուած էր համայնքային ներկայացուցչական ժողովներու անդամ:
Աշխատակցած է Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին` ստորագրելով բժշկական եւ այլ յօդուածներ:

