Ամազոնի Անտառին Ծառերը Պիտի Հաշուըուին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պրազիլի կառավարութիւնը որոշած է թուագրել ամազոնեան անտառի ծառերը: Այս հսկայական աշխատանքը կարելիութիւնը պիտի տայ բնորոշելու աշխարհի ամէնէն հին անտառին առողջութիւնը: Դժբախտաբար ծառերով ծածկուած անոր տարածքը հետզհետէ կը նուազի, որովհետեւ երկրագործներն ու փայտահատները ծառերը կը կտրեն կամ կ՛այրեն` իբրեւ ածուխ զանոնք ծախելու համար:

Ուսումնասիրութիւնները պիտի տեւեն նուազագոյնը չորս տարի, որովհետեւ այս ընդարձակ անտառին մէջ գոյութիւն ունին ո՛չ միայն ծառեր եւ անասուններ, այլ նաեւ` քաղաքներ:

Ամազոնեան անտառը նման ճշգրիտ ուսումնասիրութեան չէ ենթարկուած քառասուն տարիներէ ի վեր: Ասիկա առաջին առիթ մը պիտի ըլլայ Ամազոնի անտառը ճանչնալու ներսէն: Այս արեւադարձային եւ խոնաւ անտառը կը տարածուի 6 միլիոն քմ քառակուսիի վրայ:

Ինչպէ՞ս պիտի կատարուին
ուսումնասիրութիւնները

Նախեւառաջ մասնագէտները արբանեակներով պիտի նկարեն անտառը: Այս շատ ճշգրիտ նկարները կարելիութիւնը պիտի տան բնորոշելու անտառի տարբեր տեսակները, ճահճային շրջանները, գետինները: Իւրաքանչիւր շրջան պիտի բաժնուի եւ վերլուծուի համակարգիչներու միջոցով:

Ապա խումբերը պիտի երթան աշխատելու գետնին վրայ` ճանչնալու համար ծառերուն դիրքը ՃիՓիԷս գործիքի մը օգնութեամբ, եւ` չափելու անոնց տրամագիծը: Հազար ծառէն միայն մէկը պիտի հաշուըւի, ըստ նմուշի թեքնիքին: Օրինակի համար, եթէ 1000 ծառի վրայ միայն 500-ը նոյն տեսակն են, կը համարուի, թէ այդ շրջանի ծառերուն կէսը նոյն տեսակն են:

Ինչո՞ւ նման ուսումնասիրութիւն մը

Նոյնիսկ եթէ պրազիլցիները կանոնաւոր կերպով Ամազոնէն օդային նկարներ կ՛առնեն, անոնք շատ ծանօթ չեն անտառին բուսականութեան եւ անասուններու այլազանութեան: Այս ուսումնասիրութեան շնորհիւ` անոնք աւելի մօտէն պիտի ճանչնան թուփերն ու նոր ծիլերը:

Անտառ մը կենդանի կը համարուի, երբ ան աւելի «երիտասարդ» ծառեր ունի, քան ծեր ծառեր. այս ձեւով այդ տնկիները պիտի փոխարինեն այն ծառերը, որոնք պիտի մեռնին:

Այդ նկարները պիտի բացայայտեն նաեւ անասուններուն հետքերը եւ անոնց ապրած վայրերը, Ամազոնի արեւադարձային անտառներուն մէջ ապրող անասուններուն կեանքը ուսումնասիրելը շատ դժուար է, որովհետեւ մէկ հեկտարի մէջ (1 հեկտար=10000 մեթր քառակուսի) կրնան ապրիլ 30-100 տեսակներ:

Այս ուսումնասիրութիւնը անհրաժեշտ է գիտնալու համար ինչպէ՛ս շահագործել եւ պահպանել այս անտառը յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին:

 

Ուսուցի՞չ, Թէ՞ Դրամատան Տէր

Միացեալ Նահանգներու մէջ տնտեսագիտութեան փայլուն ուսանողներ իրենց ապագայ աշխատանքի մարզէն կը հեռանան… դժուար թաղամասերու մէջ ուսուցիչ դառնալու համար:

Տնտեսագիտութեան նշանաւոր համալսարան աւարտած, փայլուն ուսանող, 23 տարեկան Զաքըրի կը պատմէ, թէ ինք բնաւ չէր երազած օր մը դպրոցի մը մէջ թուաբանութեան ուսուցիչ դառնալ:

Սակայն, ահա, ան թուաբանութեան ուսուցիչ դարձած է երկու տարուան համար: Իր ուսումէն ետք ան կրնար անմիջապէս շատ լաւ վճարուած գործ մը գտնել, օրինակի համար` դրամատան մը մէջ: Սակայն ան նախընտրած է քիչ մը սպասել եւ դասաւանդել դժուար թաղամասեու մէջ:

Ան այս գործը գտած է միութեան մը միջոցով եւ գոհունակութիւն կը զգայ ուսուցչութեան մէջ, ինչպէս` գործառնական աշխատանքներուն մէջ: Եւ ան միակը չէ: Այս փորձառութենէն ետք 3 ուսանողէ 2-ը կը մնան ուսուցչութեան մարզին մէջ:

Այս փորձառութիւնը ծանօթ է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ապագայի գործատէրերուն համար այդ միութեան համար իբրեւ ուսուցիչ աշխատած ըլլալը յաջողութեան նշան է: Ասիկա մեծ դրամատան մը համար աշխատած ըլլալու համապատասխան արժէք ունի:

 

Ձեռային Աշխատանք

Գեղեցիկ Գարնանային Պարտէզ Մը

Այս գեղեցիկ պատկերը իրագործելու համար միջոցները շատ դիւրին են: Դուն պէտք պիտի ունենաս խաւաքարտի կտորի մը, կուաշ ներկերու, վրձինի եւ… գետնախնձորի:

2.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ գետնախնձոր մը մէջտեղէն կտրէ: Ապա կանաչ ջրաներկ դիր սպունգի մը վրայ եւ կէս գետնախնձորի կտորը անոր թաթխէ: Գետնախնձորին կաղապարը խաւաքարտին վրայ տպէ:

1.- Խաւաքարտ մը ներկէ բաց դեղին ջրաներկով: Երբ ջրաներկը չորնայ, ներկէ կանաչ խոտերու տարածք մը: Դարձեալ ձգէ, որ չորնայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Կրնաս նաեւ հաստ կոճղեր ընել` խաւաքարտի բարակ երկար բաժինին վրայ ջրաներկ դնելով եւ զայն թուղթին վրայ քիչ մը սահեցնելով:

3.- Խաւաքարտի քառանկիւն կտոր մը կտրէ` գետնախնձորի մեծութեան համեմատ: Անոր բարակ կողմերը թաթխէ սրճագոյն ջրաներկի մէջ եւ գետնախնձորի ձեւով ծառին կոճղը եւ ճիւղերը տպէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

5.- Ծաղիկները տպելու համար կրնաս գործածել մատիտի մը ռետինին բաժինը եւ անոր շուրջը խաւաքարտի կտորին անկիւնով թերթիկները տպել:

6.- Թռչուններու պարագային, կրնաս օգտագործել մատերուդ ծայրերը` գլխուն եւ մարմնին համար, եւ խաւաքարտի կտորի մը ծայրը` թեւերուն եւ պոչիկին համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

8.- Կրնաս ծառերուն վրայ նաեւ աւելցնել` պտուղներ, թռչուններու բոյն, թիթեռնիկներ… քիչ մը սահեցնելով:

7.- Կրնաս նաեւ կարգ մը ծառեր ընել` երկուքի բաժնելով գետնախնձորի կտորը կէս կլորի նման ձեւ մը ստանալու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Քարերու Անտառ Մը

Լենա գետին քարէ սիւները վայելելու համար ճամբորդութիւնը դիւրին չէ. կը պահանջուի չորս օր` Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայէն:

Սակայն ճամբորդութեան յոգնութիւնը կը մոռցուի մեր աչքերուն առջեւ բացուող տեսարանին դիմաց: Մօտաւորապէս 40 քմ երկայնքի վրայ կը ցցուին ժայռէ սիւներ:

Սակայն ինչպէ՞ս «ծնած» են այս հսկաները:

Ամէն ինչ սկսած է մէկ միլիոն տարի առաջ: Ուղղահայեաց ճեղքեր սկսած են կազմուիլ գետնին մէջ, ջուրը անոնց մէջ թափանցած է, սառած է եւ` գետինը փորած:

Եւ ժամանակի ընթացքին սիւներ երեւցած են… Կարգ մը ժայռերու բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 100 մեթրի:

 

Ոսկի`
Վերապրողներուն Համար

 

 

 

 

 

 

 

 

Մարտ 2011-ի ցունամիին պատճառով վնասուած ճափոնական քաղաքներու բնակիչները տարօրինակ ծրար մը ստացած են: Անոնք կը պարունակէին ոսկիի կտորներ: Այս սքանչելի նուէրները ղրկողը չէ տուած իր անունը…

 

Ժամանց

 

Կրնաս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 109` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ երկու-երկու իրարու նմանող վեց տուփիկները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել եռանկիւնը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը կը համապատասխանէ անոր տակի երկու շրջանակներուն մէջի թիւերուն գումարումին: Օրինակի համար` 5 + 7 = 12:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES