Ընկերային Խրախճանք
ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղին վարչութիւնը կազմակերպեց նոր տարուան ընկերային խրախճանք մը, 20 դեկտեմբեր 2012-ին, Ռաուտայի ակումբի սրահին մէջ:
Մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ փոխանցեց, թէ տարիներու աւանդութիւն դարձած մանուկներու Կաղանդի ձեռնարկին զուգահեռ, այս տարի եւս վարչութիւնը ամանորեայ հաւաքներ կազմակերպած է:
Ձեռնարկի ճաշերը պատրաստած եւ նուիրած էին վարչական ընկերուհիները:
Ներկաներուն ուրախութիւնը անսահման եղաւ, երբ ներկայացաւ Կաղանդ պապուկը իր թզուկներով եւ գլխարկներով, սուլիչներով եւ մանկացուց ԼՕԽ-ականները:
Սոյն ձեռնարկին խորագիրն էր` «Ուրախացիր եւ ուրախացուր»: Անիկա ծառայեց իր նպատակին, որովհետեւ իրենց մանկութիւնը վերյիշելով ուրախութեան գագաթնակէտին հասած ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

