Ընկերային Նախաճաշ
ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղը (Զահլէ), գլխաւորութեամբ վարչութեան, Զահլէի շրջանին մէջ հայկական մթնոլորտ ստեղծելու հայրենանուէր պարտականութիւնը ստանձնած է իր ստեղծման օրերէն (1940) մինչեւ այսօր եւ իր կազմակերպած ձեռնարկներով կը միտի վառ պահել հայկական մշակոյթը եւ աւանդութիւնը:
Մասնաճիւղը ունի 112 անդամ եւ կը գործէ Հայ կեդրոնին մէջ, Զահլէ:
Նախորդ ամիսներուն կազմակերպած էր ընկերային նախաճաշի ձեռնարկ մը ճաշարան «Ապու Զէյտի»-ի մէջ, որուն ներկայ էին 110 անդամներ եւ համակիրներ` Զահլէէն եւ Այնճարէն: Տիրեց խանդավառ մթնոլորտ:
Ամանորի առթիւ վարչութիւնը տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի վարչութեան հետ գործակցաբար կազմակերպեց փոքրիկներու յատուկ ձեռնարկ: Կաղանդ պապուկի եւ կենդանիներու կերպարներուն հետ երեխաները երգեցին ու պարեցին` ստանալով ամանորեան նուէրները, անոնք «Հայ կեդրոն»էն մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ եւ լիացած հայկական մթնոլորտով, մասնաճիւղս նաեւ կը հոգայ 7 կարիքաւոր պարագաներ` անոնց տրամադրելով դեղորայք, եւ այլ օգնութիւն: Ձմեռնամուտին վարչութիւնս տրամադրեց մէկական տակառ վառելանիւթ (մազութ) հայ ընտանիքներու նաեւ կրթանպաստ տրամադրեց Զահլէի եւ Այնճարի վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն:

