Տօնական Ձեռնարկ
ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղին վարչութիւնը կազմակերպեց Նոր տարուան իր ընկերային ձեռնարկը` շրջանին «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, 13 դեկտեմբեր 2013-ին:
Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որովհետեւ իրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացան ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ կամաւոր աշխատանքին` հասնելու շրջանի բոլոր կարիքներուն:
Ներկաները հիւրասիրուեցան կամաւորաբար պատրաստուած ճաշերով` խոհարար Կարոյի կողմէ: Ձեռնարկի աւարտին ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ իր նուէրներով նաեւ զուարճացուց ներկաները:
CATEGORIES Գաղութային

