Ս. Սարգիսի Նուիրուած Ձեռնարկ
ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ Ս. Սարգիսի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 1 փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Քէօյլեանի եւ կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Շաքէ եագուպեանի: Ներկայ էին 54 հրաւիրեալներ եւ ԼՕԽ-ականներ: Շրջանի ծխատէր քահանան` Գուրգէն Յովհաննէսեանը ներկաներուն փոխանցեց Բուն Բարեկենդանի խորհուրդը, բացատրեց տօնին իմաստը, մեր կեանքին մէջ անոր, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս հայ տօներուն կարեւորութիւնը` շեշտելով այս բոլորը նոր սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը:
CATEGORIES Գաղութային

