Մեծ Պահքի Հաւաքոյթ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ » մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 21 փետրուարի 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ պահքի հաւաքոյթ-ճաշ:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի` Պերճուհի Գասպարեանը: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն, որոնք անսակարկ  օգտակար հանդիսացան յաջողցնելու համար ձեռնարկը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վաստակաւոր գրագիտուհի Շահանդուխտին, որ ընդառաջելով հրաւէրին` ներկայ գտնուած էր հաւաքոյթին, եւ հրաւիրեց զայն` փոխանցելու իր խօսքը: Շահանդուխտ անդրադարձաւ գաղութի մէջ ընկերային կեանքին եւ քաջալերեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը, որ կը համախմբէ մեզ իրարու հետ: Խօսելով Մեծ պահքի մասին` բանախօսը շեշտեց, որ բաւարար չէ միայն ուտելիքներէ զրկուիլը, աւելցնելով, որ Մեծ պահքը ունի իր թելադրանքներն ու պահանջները: Շահանդուխտ յորդորեց ներկաները` իրենց կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարել սիրով եւ աղօթքով, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն արեւագալի արարողութիւններուն: «Իրարու հետ ներողամիտ եղէք, ներելը մեծութիւն է, բարձր մարդու հոգեկան բարձրութեան արտայայտութիւնն է», հաստատեց բանախօսը: Շարունակելով իր խօսքը` Շահանդուխտ անդրադարձաւ հայոց լեզուի եւ մայրութեան առաքելութեան, շեշտելով, որ հարկ է պահել մեր հայկականութիւնը: «Արեւմտահայերէն մեր լեզուն կորուստի վտանգին ենթակայ է, եթէ շարունակենք մեր ընտանիքներէն ներս լաւ հայերէն չխօսիլ», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ մայրերը հարկ է իրենց մայրութիւնը լաւ կատարեն եւ տէր կանգնին իրենց զաւակներուն: Եզրափակելով իր խօսքը, ան կոչ ուղղեց` յարգել զիրար, նաեւ` յարգել տարեցները:

Share this Article
CATEGORIES