Ն. Արտալճեան Գրադարանը` Հայ Գիրքին Հետ Կապ Հաստատելու Կեդրոն

Մեր Խօսքը

1993-2013

Այսօր «Նարօտ Արտալճեան» մանկական գրադարանը 20 տարեկան է: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկական գրադարանը արդէն իսկ բոլորած է իր 20 տարին:

Քսան տարիներ եւ արդէն իսկ ան կը գործէ մեծ կազմով` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, յանձնախումբ եւ պատասխանատու:

Այս սիրելի օճախին առաքելութիւնը, պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը շատ մեծ է. տարիներէ ի վեր առած է իր գրկին մէջ բոլոր իրեն դիմող փոքրիկները անխտիր` անոնց տրամադրելով ամէն տեսակի օգնութիւն, առողջ եւ հանգիստ մթնոլորտ, փրկելով զանոնք փողոցի մթնոլորտէն եւ տալով ընթերցանութեան սէր, գիրքերու հետ մտերմութիւն: Անոր հիմնական նպատակը միշտ եղած է հայ մանուկին ու պատանիին մէջ արթնցնել եւ զարգացնել գիրք կարդալու սէրը, մասնաւորաբար` հայերէն գիրքը, ինչպէս նաեւ` ծանօթացնել մեր պատմութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, հայկական յիշատակելի եւ աւանդական տօները եւ զանոնք հեռացնել օտարացման հոսանքէն:

1915… 2013  98 տարիներ:

Հայը կորսնցուց իր հայրենիքը, առաջնորդները եւ ժողովուրդէն 1,5 միլիոն անձ: Այս բոլորով հանդերձ, վերապրեցանք որպէս ազգ եւ ժողովուրդ. պայքարեցանք հայերէն խօսելու, հայերէն մտածելու, հայօրէն դաստիարակելու, հաւատքի մէջ հաստատ մնալու, հայ մնալու համար:

Եւ երթը կը շարունակուի:

Ուրեմն առաւելագոյն չափով օգտուինք ԼՕԽ-ի  այս գրադարանի առաքելութենէն եւ բարիքներէն:

Բոլորին վարձքը կատար:

Յարատեւ վերելքի լաւագոյն մաղթանքներ,
մեր միշտ սիրելի գրադարանին:

Պատասխանատու

ԱՐՓԻ ՇԱՐԼԱՔԵԱՆ

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ամփոփ գիծերու մէջ անդրադառնանք ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի հաստատման: Ի՞նչը մղած է օրուան Շրջանային վարչութիւնը նման ծրագիրի մը նախաձեռնելու: Ինչո՞ւ այս անունը տրուած է գրադարանին:

ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԳԻԶԻՐԵԱՆ.- ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը հիմնուած է 1993-ին, անգլիաբնակ լիբանանահայ կիներու, ԼՕԽ-ի օրուան Շրջանային վարչութեան կողմէ, Լիբանանի կարմիր խաչի օժանդակութեամբ եւ գործակցութեամբ: Անիկա սկիզբը կը կոչուէր «Երեխային խաղալիք մը տուր»: Օրուան Շրջանային վարչութիւնը նախաձեռնած է նման կեդրոնի մը հիմնադրութեան, որպէսզի հայ մանուկը, պատանին ունենան վայր մը, ուր հայերէն գիրքեր ըլլան իրենց տրամադրութեան տակ, եւ անոնք կարենան օգտուիլ այդ գիրքերէն, հայերէն կարդալու փափաքը աւելի ամրապնդուի անոնց մօտ:

ԼՕԽ-ի գրադարանը կոչուեցաւ «Նարօտ Արտալճեան» վաղամեռիկ Նարօտ Արտալճեանի ծնողներուն եւ օրուան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան միջեւ կայացած համաձայնութեամբ: Հիմնադրութենէն մինչեւ օրս գրադարան յաճախած են հարիւրաւոր հայ երեխաներ եւ օգտուած` գրադարանի բարիքներէն:

Հ.- Այսօր ի՞նչ պատկեր կը պարզէ գրադարանը, քանի՞ աշակերտ կը յաճախէ, ի՞նչ աշխատանքներ կը տարուին հոն եւ հիմնական ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ:

Մ. Գ.- Գրադարանին հիմնական նպատակն է հայ պատանիին առիթ տալ յաճախելու կեդրոն, հայերէն գիրք մը առնելու, նստելու անկիւն մը եւ կարդալու զայն: Սակայն այս օրերուն դժուար է այդ մէկը իրականացնելը, որովհետեւ, փոխուած են ժամանակները: Ուստի, տարիներէ ի վեր մենք եւս փոխած ենք մեր գործելաոճը. Ձմեռը աշակերտը դպրոցական պայուսակով, ուրախ տրամադրութեան մէջ գրադարան կու գայ եւ կը սերտէ իր յաջորդ օրուան դասերը: Մենք գոհ եւ ուրախ ենք ասով, որովհետեւ, երբ աշակերտը յաջորդ օրուան դասերը կը պատրաստէ, արդէն ինքնաբերաբար երեք լեզուներով գիրք կարդացած կ՛ըլլայ: Գրադարան կը յաճախեն այն մանուկներն ու պատանիները, որոնց ծնողները կ՛աշխատին կամ չեն կրնար հետեւիլ իրենց զաւակներուն դասերուն ու օգտակար ըլլալ անոնց: Աշակերտներուն կը հետեւի գրադարանի պատասխանատու Արփի Շարլաքեանը, որ դաս ուսուցանելու ճամբով կը փոխանցէ ազգային ոգի: Գրադարանը ձմրան շրջանին բաց է յետմիջօրէի ժամը 3:00-6:00, իսկ ամառը` առաւօտեան ժամը 9:00-1:00: Ամրան շրջանին գրադարանին ծրագիրը այլ է` գիրք կարդալ, ձեռային աշխատանք կատարել, կրօնական գիտելիքներ փոխանցել, երգել, պարել եւ այլ աշխատանքներ:

Հ.- Գիտենք, որ այսօր ժամանակները փոխուած են, արհեստագիտական աշխարհը իր նորութիւններով ողողած է բոլոր շրջանակները: Գրադարանին մէջ այս առումով ի՞նչ նորութիւններ կան աշակերտը գրաւելու եւ անոր հետաքրքրութիւններուն գոհացում տալու:  

Մ. Գ.- Ինչպէս ըսինք, ձմրան հանգրուանին աշակերտները իրենց դպրոցական դասերը կը սերտեն, եթէ ժամանակ մնայ, գիրք կը կարդան, թէեւ գրադարանին մէջ համակարգիչ կայ, սակայն ձմեռը չենք օգտագործէր զանոնք: Տարուան ընթացքին կը կազմակերպենք տարբեր տեսակի ձեռնարկներ Նոր տարուան, Ս. Զատկուան առիթով, կը կազմակերպենք խաղեր, կը բաժնենք նուէրներ: Այս ձեռնարկներուն կը մասնակցին շուրջ հարիւր պատանիներ եւ մանուկներ` իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ: Կը կազմակերպենք նաեւ պտոյտներ: Այս ծրագիրներն ու ձեռնարկները կը նպաստեն ԼՕԽ-ի եւ գրադարանի քարոզչութեան ու ծանօթացման:

.- Մամուլէն կը տեղեկանանք, որ բացի ընթացիկ աշխատանքներէ, նաեւ կը նախաձեռնէք գրողներու հետ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ որոշ առիթներով ձեռնարկներ կը կազմակերպէք: Նման նախաձեռնութիւններ ինչպիսի՞ կարեւորութիւն ունին, ի՞նչ ազդեցութիւն կը ձգեն մանուկներուն եւ պատանիներուն վրայ:

Մ. Գ.- Տարին քանի մը անգամ նման հանդիպումներ կը կազմակերպենք մանկապատանեկան գիրքերու հեղինակներու հետ: Ասիկա շատ լաւ ու դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մանուկին, պատանիին ներաշխարհին վրայ:

Հ.- Ըստ ձեզի, այսօր նման գրադարանի մը գոյութիւնը որքա՞ն կարեւոր է, մանաւանդ որ համաշխարհայնացման ալիքը շատ զօրաւոր կերպով կը հարուածէ: Հարազատ լեզուին եւ հայերէն գիրքին մօտ մնալու առումով այս գրադարանի անհրաժեշտութեան անդրադառնանք:

Մ. Գ.- ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանին գոյութիւնը մեծապէս կարեւոր է, մանաւանդ հիմա, երբ աշխարհը ողողուած է զանազան ալիքներով, որոնք կը հարուածեն մանաւանդ հայերէն լեզուն, հայերէն գիրքն ու մշակոյթը: Գրադարանին գոյատեւումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս բոլորի պահպանման աշխատանքներուն մէջ:

Հ.- Իբրեւ եզրափակիչ պատգամ` անդրադառնանք հայ լեզուի, գիրքի, մշակոյթի կարեւորութեան եւ անոր պահպանման հրամայականին` իբրեւ ազգի շարունակութեան երաշխիք:

Մ. Գ.- Իբրեւ եզրափակիչ պատգամ` կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին հոգ տանելու, գուրգուրալու գրադարանին, ջանք չխնայելու անոր վերելքին, պահելու եւ պահպանելու համար հայ լեզուն, գիրքը, մշակոյթը, կրօնական դաստիարակութիւնը, որովհետեւ անցնող սերունդներուն մօտ արդէն յստակ է, որ գրադարանը իր դերակատարութիւնը ունեցած է: Ուստի պէտք է շեշտել, որ գրադարանին մէջ կը պատրաստուին ու կը կազմաւորուին տիպար հայեր, որոնք աւելի ուշ անպայման կը լծուին ազգին ծառայութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES