«Վանայ Ձայն»-էն Սփռուող «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը 2013-ին Եւս Կը Շարունակէ Իր Երթը` Մայրենիի Պահպանման Ի Խնդիր

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ- ԷՄՄԻԵԱՆ

2011-ին «Վանայ ձայն»-էն սկսաւ սփռուիլ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` իբրեւ ձայնասփիւռի կայանի պատշաճեցուած յայտագիր մը, որուն հիմքը «Սփելինկ պիի» մրցումն էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ բաւական ծանօթ եւ խանդավառութիւն ստեղծող մրցում մըն է` դպրոցներուն մէջ կազմակերպուող: Այս մրցումին աշակերտները կը հնչեն իրենց տրուած բառերը, ապա տեղի կ՛ունենայ ներքին դպրոցական զտում, ընտրուած աշակերտները կը մասնակցին իրենց նահանգին միջդպրոցական մրցումին եւ յաղթողը կ՛արժանանայ բաժակի:

Այս յայտագիրին նպատակն է առողջ մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ հայ աշակերտին մէջ արթնցնել սէրը մայրենի լեզուին նկատմամբ, որպէսզի կարդալով, հնչելով հասկնան, որ մայրենի լեզուն որքան գեղեցիկ է եւ որքան պէտք է գուրգուրալ անոր, որպէսզի գոյատեւէ: Ի վերջոյ, ի՛նչ կ՛արժէ ազգ մը առանց իր մայրենի լեզուին:

2012-ին «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 վարժարաններէ 43 աշակերտներ` 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն: Նախակրթարանի դպրոցներուն եւս մասնակցելու առիթ տալու միտումով այս տարի որոշուեցաւ փոխել մրցումին մասնակցող դասարանները եւ նկատի ունենալ 5, 6 եւ 7¬րդ դասարանները:

Նախորդ երկու տարիներուն յայտագիրին արձանագրած յաջողութիւնը իր պտուղը տուաւ. արդարեւ, այս տարի մրցումին կը մասնակցին 18 հայկական վարժարաններէ 48 աշակերտներ:

Յայտագիրը կ՛ընթանայ երեք հանգրուանով: Առաջին հանգրուանին իւրաքանչիւր աշակերտ կ՛ընտրէ նախապէս ճշդուած եւ փակ բացիկներու մէջ դրուած 10 դիւրին եւ իրեն ծանօթ բառեր: 10 բառերը ճիշդ հնչողը կ՛անցնի երկրորդ հանգրուան, որուն ընթացքին 2 աշակերտներ կը մրցին, ամէնէն աւելի ճիշդ բառ հնչողը կ՛անցնի երրորդ հանգրուան: Այսպիսով,  իւրաքանչիւր դասարանէ երկու աշակերտ կը մնայ: Երրորդ հանգրուանին յայտագիրը ուղիղ եթերով կը սփռուի` ծնողներու, ուսուցիչներու եւ այլ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ: Այս հանգրուանին իւրաքանչիւր դասարանէ մէկ աշակերտ կը դառնայ մրցանակակիր: «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրին հովանաւորն է Այնճարի քաղաքապետութիւնը:

Այս տարուան յայտագիրին մեկնարկին «Վանայ ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգային Աբգարեանի վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիէմէզեանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանի հետ, որոնք անդրադարձան յայտագիրին կարեւորութեան:

Հ.- Այս տարի Աբգարեան վարժարանը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրին. որքանո՞վ օգտակար կը նկատէք այս յայտագիրը հայ աշակերտին համար:

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԷՄԷԶԵԱՆ.- «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը մեր իրականութեան մէջ կարեւոր է իր նորութեամբ, որովհետեւ անիկա կը սրէ աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը իրենց մայրենի լեզուին նկատմամբ, նաեւ լեզուին նկատմամբ բծախնդիր ըլլալու վարժութիւնը կը փոխանցէ աշակերտներուն, անկախ մրցումի հանգամանքէն: Այս երկուքը կարեւոր են ամրապնդելու համար աշակերտին գիտելիքները եւ հետաքրքրութիւնը իր մայրենիին նկատմամբ:

Հ.- Ս. Խաչ¬Հարպոյեան վարժարանը երրորդ տարին ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս յայտագիրին: Ինչպիսի՞ մթնոլորտ ստեղծած է «Ճիշդ հնչենք»¬ը ձեր վարժարանին մէջ:

ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ.- Որեւէ մրցում դպրոցին մէջ կը ստեղծէ մեծ խանդավառութիւն, բայց այս յայտագիրին պարագային խանդավառութիւնը ո՛չ միայն աշակերտներուն կողմէ նկատելի է, այլ նաեւ` ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որովհետեւ գիտենք, թէ աշակերտները յաղթեն կամ պարտուին, անոնք պիտի սորվին իրենց լեզուն: Ամէն ձեւի ու միջոցի պէտք է դիմել հայ լեզուն պահպանելու համար:

Հ.– Մրցումի ձեւով ներկայացուիլն ու նուէրներու գոյութիւնը արդեօք աւելի հետաքրքրական կը դարձնե՞ն յայտագիրը:

Գ. Է.- Կը կարծեմ, թէ հետաքրքրութիւնները սրելու իմաստով այդ մրցակցութեան մթնոլորտը ստեղծելը օգտակար է, որովհետեւ վերջին հաշուով, մանաւանդ ներկայ դարուն, առարկայական մօտեցումը հետզհետէ մանուկներուն կողմէ իսկ կը շեշտուի: Մրցումը նպատակի մը պէտք է ծառայէ եւ այդ նպատակը որքան ալ մեզի համար նախնական թուի, խայծ մըն է, որ աշակերտը աւելի գերլարումի մղէ եւ անոր մէջ յաղթելու փափաքը արթնցնէ, այսպիսով մենք եւս արդէն շահած կ՛ըլլանք:

Ռ. Պ.- Մրցումները ընդհանրապէս խանդավառութիւն կը ստեղծեն, մանաւանդ երբ նուէր ըլլայ, այս պարագային, որովհետեւ յաղթականը մայրենի լեզուն պիտի ըլլայ, հոգ չէ, թող մասնակցին որպէս խաղ, նոյնիսկ նուէր ստանալու ակնկալութեամբ: Կարեւոր է, որ ճանչնան մեր լեզուն եւ անտարբեր չըլլան անոր նկատմամբ:

Հ.- Յաճախ կ՛անդրադառնանք աշակերտներուն կողմէ մայրենի լեզուի նկատմամբ անտարբերութեան: Ի՞նչ է պատճառը ձեր կարծիքով:

Ռ. Պ.- Մենք կ՛ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մարտահրաւէրները շատ են: Օտարամոլութիւնը վտանգաւոր է, կայ համացանցը, որ կը ստիպէ մեզ գրելու լատինատառ հայերէնով, եւ ձեւով մը հայերէնը երկրորդական եղած է աշակերտին համար: Եթէ դպրոցին կողքին տան մէջ եւս աշխատանք չտարուի ծնողներուն կողմէ, որոնք նաեւ քաջալերող պէտք է ըլլան,  ժամանակի ընթացքին այս երեւոյթը աւելի մտահոգիչ ու վտանգաւոր պիտի ըլլայ: Դժբախտաբար մեր կեանքի պայմաններն ու մեր ապրած ժամանակը մեզ այս վիճակին հասցուցին:

Գ. Է.- Ես կը կարծեմ, թէ մայրենի լեզու հասկացողութիւնը պէտք է դնել իբրեւ վերնագիր այս զրոյցին, որովհետեւ երբ տան մէջ մայրենի լեզուն տիրապետող է, բնական է, որ այդ մթնոլորտը օգնէ, որ մանուկը ինչպէս իր մօր կաթով կը մեծնայ, այդպէս ալ մայրենի լեզուով մեծնայ, եւ իրեն համար սովորական կը դառնայ հայերէնի գործածութիւնը, զգացողութիւն կը դառնայ եւ ինքնաբերաբար ան ճիշդ հայերէն կը խօսի: Իսկ երբ տան մէջ մանուկին հետ քանի մը լեզուով կը խօսին կամ հայերէնի չնմանող հայերէն կ’օգտագործուի, տան մէջ գիրք եւ թերթ կարդալու սովորութիւն գոյութիւն չունենայ, հեռատեսիլն ու համացանցը տիրապետող ըլլան, այն ատեն մանուկը ինքնաբերաբար շփոթի կը մատնուի, հեռու կը մնայ իր լեզուէն, վտանգաւոր մթնոլորտի մէջ հասակ կը նետէ: Չմոռնանք նաեւ, որ մեր դպրոցական ծրագիրով կը գտնուինք երեք հիմնական լեզու ուսուցանելու պարտադրանքին տակ, ուստի աշակերտը եթէ հայերէնի ենթահող առանց ունենալու դպրոց յաճախէ, դժուարութիւններ կրնայ դիմագրաւել, նաեւ հակառակը ճիշդ է, եթէ տան մէջ դպրոցին տարած աշխատանքին զուգահեռ ծնողները ուշադրութիւն չդարձնեն լեզուի ուսուցման, այն ատեն ակնկալուած արդիւնքը կարելի չէ ունենալ, աշակերտը զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

Այլ կարեւոր կէտ մը. արաբերէնի եւ անգլերէնի դասագիրքերը իրապէս լաւ սերտուած են եւ մասնագիտական պատրաստութիւն են. չեմ ըսեր, որ մեր հայերէնի գիրքերը շատ ետեւ կը մնան, բայց այժմէական ըլլալու քայլերը պէտք է արագ ըլլան, ոչ թէ 5 տարին կամ  10 տարին անգամ մը փոխուի դասագիրք մը: Այս ալ իր դերակատարութիւնը ունի, բայց մայրենի լեզուն տունէն կը սկսի եւ կը շարունակուի դպրոցին մէջ:

Հ.- Կը կարծէ՞ք, որ պետական ծրագիրն ու քննութիւնները եւս կ՛ազդեն աշակերտներուն անտարբերութեան` նկատի ունենալով, որ բարձր դասարաններու աշակերտներու պարագային հայոց լեզուի դասապահերը կը նուազին` տեղ տալու համար օտար լեզուներու կամ այլ նիւթերու:

Ռ. Պ.- Կ՛ազդէ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ ժամանակաշրջանն ալ իր ազդեցութիւնը ունի, որովհետեւ պետական քննութիւնները նորութիւն չեն, բայց ասկէ 25 տարի առաջ շրջանաւարտ աշակերտները շատ աւելի լաւ հայերէն գիտէին, քան` հիմակուան շրջանաւարտները:

Այս հարցը պէտք է դիտել նաեւ այլ տեսանկիւնէ. ասիկա կ՛ըսեմ ո՛չ թէ մենք մեզ արդարացնելու համար, այլ որովհետեւ իրականութիւն է այն, որ լիբանանեան դպրոցներուն մէջ եւս նոյն դժուարութիւնը գոյութիւն ունի. աշակերտները չեն սիրեր իրենց մայրենի լեզուն եւ կը նախընտրեն ֆրանսերէն կամ անգլերէն խօսիլ: Այսինքն միայն մեր քով չէ այս երեւոյթը, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ ձեռնածալ պէտք է մնանք, պիտի դիմենք ամէն ձեւի` լուծում գտնելու համար: Այս յայտագիրը մէկ ձեւն է, դպրոցներու մէջ նոյնանման նախաձեռնութիւններ օգտակար են դասագիրքերուն կողքին. մէկ խօսքով, ճիգերը կը շարունակուին եւ ամէն միջոց պիտի օգտագործենք:

Հ.- Իբրեւ տնօրէններ եւ դաստիարակներ` ի՞նչ կը յանձնարարէք ծնողներուն եւ աշակերտներուն` բարելաւելու համար հայերէնը:

Գ. Է.- Ծնողներուն պարագային կ՛ըսենք, որ շեշտը պէտք է դրուի հայերէնին վրայ, որովհետեւ մայրենի լեզուն է հիմնականը, եթէ մայրենի լեզուին մտածողութիւնը զարգանայ, մանուկը դժուարութիւն պիտի չունենայ լեզուն ընկալելու, պէտք չէ մտածել, որ հայերէնը աւելորդ դաս է, այլ` գիտակցիլ, որ անիկա հիմքն է բոլոր նիւթերուն: Այս բոլորին մասին կը խօսինք ո՛չ միայն ծնողական ժողովներու ատեն, այլ նաեւ յաճախ դասախօսութիւններ կը պատրաստենք մայրենի լեզուի անհրաժեշտութեան նիւթով: Երբեմն նաեւ ազատ ընթերցումի գիրքեր կը ղրկենք աշակերտներուն հետ, որպէսզի իրենց ծնողներուն հետ կարդան` անուղղակի կերպով ծնողները եւս ընթերցանութեան մղելով:

Ռ. Պ.- Ծնողական ժողովներուն ընթացքին յաճախ կը կրկնենք, որ հայկական վարժարանը,  ի տարբերութիւն այլ վարժարաններու, ուսում եւ գիտութիւն փոխանցելու կողքին, նաեւ կը պատրաստէ վաղուան հայ մարդը իր հայեցի դաստիարակութեամբ: Այնպէս որ, պէտք է գուրգուրալ մայրենի լեզուին, որովհետեւ եթէ մենք չպահենք, կը կորսուի մեր լեզուն: Չենք գիտեր, թէ անոնք որքանով կը գիտակցին այս վտանգին, բայց մեր կարելին կ՛ընենք, ի վերջոյ ծնողն ալ իր դերակատարութիւնը ունի: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ կան մեծ թիւով ծնողներ, որոնք մօտէն կը հետեւին իրենց զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան եւ իսկապէս գնահատելի է անոնց գիտակցութիւնը:

Հարցազրոյցին աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, 18 վարժարանները բաժնուեցան 6 խումբի, իւրաքանչիւր խումբ` 3 դպրոց: Յայտնենք, որ առաջին խումբի աշակերտները կիրակի, 3 մարտին, արդէն մասնակցեցան մրցումին, եւ 8 աշակերտներէն 3-ը անցան երկրորդ հանգրուան:

«Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը կրնաք ունկնդրել «Վանայ ձայն»-էն, ամէն կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES