Երախտապարտ Ոգիով
ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆ
1962-ի վերամուտին, իբրեւ նոր աշակերտ, մուտք գործեցի Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարան: Առաջին օրը, երբ ֆրանսերէնի դասապահի զանգը հնչեց, դասարան մտաւ միջահասակ, թխադէմ, ակնոցաւոր եւ դէպի ետեւ սանտրուած տափակ մազերով դասատուն, բազմեցաւ իր աթոռին վրայ եւ պահ մը նայուածքը սեւեռեց աշակերտներուն: Երբ ան զիս նշմարեց, հարցուց, թէ ո՛ր դպրոցէն կու գայի: Ու պատասխանս լսելէ ետք անվարան հաստատեց. «Գիտե՛մ, զօրաւոր ես»: Զարմացայ, թէ ի՛նչ հիման վրայ այս ուսուցիչը, որ զիս կը տեսնէր առաջին անգամն ըլլալով, նման կարծիք մը կը յայտնէր իմ մասիս: Քանի մը վայրկեան ետք ան հրահանգեց մեզի տետրակ մը բանալ, ապա թելադրեց ուղղագրութիւն մը: Սրբագրութեան աւարտին, սրբագրութիւն, զոր աշակերտներս կատարեցինք, իրարու տետրակները փոխանակելէ ետք, մեծ եղաւ զարմանքս, երբ նկատեցի, թէ հակառակ իմ նախորդ ընթացքիս, սխալներս… սակաւաթիւ էին: Ես, որ նուազագոյնը քսան սխալ կ՛ունենայի, այժմ սխալած էի միայն… հինգ անգամ:
Ու այնուհետեւ հանդիսացայ դասարանիս առաջնակարգ աշակերտը ֆրանսերէնի մէջ: Հրեայ ծագումով մէօսիէօ Շենիի ինծի ուղղած քաջալերական պարզ խօսքը զսպանակի դեր կատարած էր ու արթնցուցած` մէջս ննջող հաւանական «գիտուն»-ը:
Երեք տարի ետք կրթական նոյն յարկին տակ ունեցայ ֆրանսերէնի գրականութեան ուսուցիչ մը, որ իր անհերքելի դրոշմով ուղղեց զիս դէպի գրականութիւն, յատկապէս ֆրանսական գրականութիւն: Անոր դասապահերը իսկական վայելքի գոհարներ էին, այնքա՛ն, որ դիւթական հանգամանք մը կը կրէին: Ան նախ կը փոխանցէր իր դասը, զոր գրի կ՛առնէինք, ապա զայն կը բացատրէր մանրամասնօրէն: Երբեմն տասը տողնոց պարբերութեան մը բացատրութիւնը կը խլէր ամբողջ երկու դասապահ, այնքա՜ն, որ մեծ ոգեւորութեամբ կը լուսաբանէր մեզ: Կախուած կը մնայինք իր շրթներէն, եւ երբ զանգը կը հնչէր, սրտնեղութեամբ կը դիմաւորէինք անոր ձայնը: Որպէս գրականութեան ուսուցիչ` ընկերվարական մէօսիէօ Ֆոնթընիէն ունէր իր նախասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ… խորշանքները: Ան չէր հաւատար «ռոմանթիզմ»-ին, որ զինք «կը ծիծաղեցնէր» իբրեւ գրական շարժում, բայց զայն կը բացատրէր անվերապահօրէն եւ առարկայականօրէն:
Ֆրանսացի այս երկու ուսուցիչները դարբնեցին իմ հակումս դէպի ֆրանսական գրականութիւն եւ հանդիսացան մտատիպարներս թէ՛ իրենց դասաւանդութեամբ եւ թէ՛ աշակերտներուն հանդէպ ցուցաբերած իրենց ճկուն վարուելակերպով:
1967-ի հոկտեմբերին քայլերս ուղղեցի դէպի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան` հետեւելու համար ֆրանսական պաքալորէայի փիլիսոփայութեան բաժնի դասընթացքներուն, հակառակ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն վարդապետին «փիլիսոփայութիւնը փոր չի՛ կշտացներ» բացասական խրատին…
Բարեբախտաբար ընտրանքիս համար չզղջացի, որովհետեւ Ճեմարանի մէջ ունեցայ, ի շարս այլոց, երկու սքանչելի դասատուներ, որոնք բառին իսկական առումով դիւթեցին զիս: Անոնցմէ մէկը Գրիգոր Շահինեանն էր` ֆրանսական գրականութեան եւ ընդհանուր պատմութեան ուսուցիչը, իսկ միւսը` «Պապա» Մուշեղ Իշխանը, որ մէջս սերմանեց հայ գրականութեան հունտերը, զորս հետագային ծաղկեցուցի ինքնաշխատութեամբ:
Վերոյիշեալ երկու լուսահոգի մարդու կերտիչները, որոնք տիտաններ էին ոչ միայն իրենց ասպարէզին, այլ նաեւ կոչումին մէջ, հեզասահօրէն կը փոխանցէին իրենց գիտելիքները` որդեգրելով դասաւանդութեան ինծի համար ցարդ չտեսնուած մեթոտներ եւ յարգելով աշակերտին կարծիքները: Այսպէս, պր. Շահինեան Ա. եռամսեայ քննութեան առաջարկեց, եթէ դասարանը համամիտ գտնուէր, մեղմ երաժշտութեան ունկնդրութեամբ անցընել դասապահը: Ուրիշ անգամ, արձակուրդի օր մը, Լիբանանի գեղատեսիլ բնութեան մէկ անկիւնը, ճաշի սեղանի մ ը շուրջ կատարեց իր դասաւանդութիւնը` հաճելին միացնելով օգտակարին: Ու Բ. եռամսեայ քննութեան, երբ շարադրութեանս մէջ յանդգնած էի «ռոմանթիզմ»-ը նոյնացնել յարդէ կրակի մը, որ իսկոյն կ ը շիջի, ան փոխանակ զիս «պատժելու», «նախատինք» դիտողութիւնը արձանագրած էր էջին լուսանցքին վրայ, բայց տուած… յաջող նիշ մը, որուն արժանացած էի:
Իսկ պր. Մուշեղ Իշխանը… Արդէն իսկ հայ գրականութեան դասագիրքերու շարքի մը անզուգական հեղինակ, ան ուսումնասիրութեան առարկայ հեղինակներն ու անոնց գրական յատկանիշները մեզի կը ծանօթացնէր առանց գիրք բանալու եւ իր ճոխ մեկնաբանութեամբ կը հմայէր մեզ: Անոր մեծութեան եւ վեհանձնութեան փաստն ունեցայ ձմրան օր մը եւ երբեք չեմ մոռնար անոր մանկավարժի ու հոգեբանի մօտեցումը: Արդարեւ, աւարտական դասարանի աշակերտներուս շռայլուած էր, որոշ ազատութիւններու կողքին, զորս ուրիշ դպրոցներու մէջ կարելի չէր երեւակայել, նաեւ ծխելու ազատութիւնը դպրոցին շրջաբակին մէջ: Կէսօրուան դադարին, անձրեւոտ երկինքին եւ ցուրտ օդին պատճառով, մնացած էինք դասարանը, ուր ծխողները վառեցին իրենց ծխիկները` ապականելով մթնոլորտը:
Զանգին, փիլիսոփայութեան ուսուցիչը դուռը բանալով` նկատեց ծուխի քուլաները եւ անշնչելի օդը. ան` փոխանակ ներս մտնելու, «Ի՞նչ ըրած էք» գոռալով հեռացաւ: Պահ մը ետք ան վերադարձաւ պր. Մուշեղ Իշխանի ընկերակցութեամբ, որ այդ ժամանակ կը վարէր նաեւ Ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը: Ան` փոխանակ ուսուցիչին պէս բարկանալու եւ մեզ պախարակելու, հանդարտ շեշտով մը ըսաւ. «Տղա՛ք, ինչո՞ւ այսպէս կ՛ընէք: Պիտի ծխէք, վեր ելէ՛ք ծխեցէք». մեկնեցաւ… դուռը փակելով:
Պահ մը քար լռութիւն տիրեց դասարանին մէջ, շուարած էինք, քանի որ «պատիժ»-ի արժանի այս արարքը դիմաւորուած էր, հակառակ փիլիսոփայութեան ուսուցիչին զայրոյթին, աննշան դիտողութեամբ մը, որ իր մեղմութեան մէջն իսկ կ՛արտայայտէր յանդիմանութիւն մը, բայց` առանց կարգապահական հետեւանքի:
Այսօր աշակերտութեան շրջանէս տասնամեակներ անց, մտքիս մէջ տակաւին վառ կը մնայ յիշատակը վերեւ թուած չորս ուսուցիչներուս, որոնք իրենց պարզութեամբ, աշակերտին հանդէպ ցուցաբերած գուրգուրոտ մօտեցումով եւ դասաւանդելու յատուկ եղանակով դաստիարակած են սերունդներ` անոնց ջամբելով թէ՛ գիտութիւն եւ թէ՛ վարուելակերպ: Անտրէ Ժիտ տեղ մը կ՛արտայայտուի, թէ` «մեզմէ ամէն մէկը է` հաւանական ամէնէն աւելի անփոխարինելի էակներէն մին»: Իւրացնելով ֆրանսացի մեծ գրագէտին միտքը` անվարան կը յայտնեմ, որ իմ անմոռանալի ուսուցիչներս իսկապէս անփոխարինելի են կրթական մարզին մէջ թէ՛ իրենց ունեցած վաստակով եւ թէ՛ ցուցաբերած աշխատելաձեւով: Կրնայ ըլլալ, որ այլ ուսուցիչներ եւս տէր ըլլան անուրանալի յատկութիւններու, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը կրնայ նմանիլ շէնիներու, ֆոնթընիէներու, շահինեաններու եւ իշխաններու:
Ուսուցիչներու տօնին առթիւ պարտք կը զգամ յարգանքի տուրքս մատուցել անոնց, որովհետեւ իրենց անջնջելի դրոշմով կնքած են զիս եւ անժխտելի ազդեցութիւն ունեցած` ուսուցչութիւնը որպէս կեանքի ասպարէզ ընտրելու իմ որոշումիս մէջ:
Կը խոնարհիմ անոնց մեծութեան առջեւ եւ կ՛ոգեկոչեմ անոնց անմար յիշատակը:

