Հայ Ուսուցիչին Պարագան

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ուսուցիչներ եղած են մօրենական մեծ հայրս ու մեծ մայրս, եւ ես լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս յատուկ յարգանք ու սէր կը տածէին ծնողքս մեր ուսուցիչներուն նկատմամբ: Հաւանաբար այդ էր պատճառը, որ ցանկութիւն ունեցած էի ես ալ այդ ասպարէզին նուիրուելու: Ճակատագիրը սակայն ուրիշ բան վերապահած էր ինծի համար: Բայց եւ այնպէս դպրոցի ու կրթութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնս միշտ ալ վառ մնացած է: Այս յօդուածաշարքս ալ այդ հետաքրքրութեանս մէկ դրսեւորումն է:

Նախորդ յօդուածով («Ազնուագոյն ընտրանքը», «Հորիզոն», 28 յունուար 2013) կ՛արձագանգէի տնօրէնի մը ուղերձին, որ շրջանաւարտներուն ուղղելով խօսքը, ուսուցիչի դերակատարութեան կարեւորութեան կ՛անդրադառնար: Ի՞նչ էր ըսածը. այն, որ ուսուցիչի մը պաշտօնը ոչ թէ նուազ, այլ նոյնքան կարեւոր է, որքան` գլխաւոր գործադիր պաշտօնատարի մը, բժիշկի մը կամ ճարտարագէտի մը պաշտօնները, քանի որ ան` ուսուցիչը մեր բոլորի՛ կեանքին վրայ իր ազդեցութիւնը ունի` դաստիարակելով մեր զաւակները եւ զանոնք դարձնելով ապագայ գիտակից ու արժանաւոր քաղաքացիներ: Ուստի ան յարգանքի արժանի է, ոչ թէ որովհետեւ ասկէ կամ անկէ աւելի լաւ կը վաստկի, այլ որովհետեւ մեծապէս կենսական դեր կը խաղայ մարդկային հաւաքականութեան մէջ:

Ատենին այս գիտակցութիւնը ուժեղ կերպով ամրագրուած էր մեր ժողովուրդին մէջ, որ լաւապէս հասկցած էր ուսման կարեւորութիւնը: «Միսը քեզի, ոսկորը ինծի» կ՛ըսէին ծնողները ուսուցիչին, երբ անոր հոգածութեան կը յանձնէին իրենց զաւակը: Արդեօք կը յամենա՞յ այդ գիտակցութիւնը մեր ծնողներուն մօտ այսօր: Միւս կողմէ, արդեօք մեր ուսուցիչները արժանի՞ են այդ աներեր վստահութեան, այդ անխախտ համարումին, որոնց կ՛արժանանային իրենց նախորդները: Դժուար հարցադրումներ, որոնք չունին անպայման միանշանակ պատասխաններ:

Սկսելով ծնողներէն, կասկած չկայ, որ ուսման կարեւորութեան նուազ չեն գիտակցիր անոնք այսօր` բաղդատմամբ իրե՛նց ծնողներուն, որոնցմէ աւելի լաւ, աւելի բարձր ուսում են ստացած իրենք հաւանաբար: Սակայն ուսման կարեւորութեան գիտակցիլը մէկ բան է, իսկ ուսման դերին մասին ճիշդ պատկերացում ունենալը` ուրիշ բան: Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք այդ դերը կը տեսնեն պարզապէս լաւ վարձատրութիւն ապահովող ասպարէզի մը դուռը բանալուն մէջ: Մինչդեռ ընկերութիւնը պէտք ունի լաւ պատրաստուած մտաւորականներու, որոնք, անկախ իրենց ասպարէզներէն, կարենան առաջնորդել նոյն այդ ընկերութիւնը, այլեւ կառավարել ալ` պաշտպանելով հաւաքական շահերը, փոխանակ հետապնդելու անձնական շահեր` կաշառակերութեան թէ այլ ծուռ ու մուռ ճամբաներով, բան մը, որ այնքան սովորական դարձեր է այսօր ամէնէն յառաջացած կարծուած երկիրներուն մէջ անգամ:

Գալով ուսուցիչներուն, այդ ասպարէզը պէտք է մտնեն անոնք, որոնց համար կոչո՛ւմ է ուսուցչութիւնը, ինչպէս դեղագործ, ճարտարապետ կամ աստղագէտ դառնալու են անոնք, որոնց համար կոչում են ա՛յդ ասպարէզները, եւ ոչ թէ` ապրուստը հոգալու միջոց պարզապէս: Առանց այդ կոչումը ունենալու` դժուար թէ անոնք յաջողին իրենց ասպարէզին մէջ ու կարենան յարգանք պարտադրել շրջապատին, նոյնիսկ եթէ բարձրագոյն տիտղոսներու եւ վկայականներու տիրացած ըլլան:

Արդ, ուրիշ ասպարէզներ մտնելու անկարողութեան պատճառով իրենց մասնագիտութիւնը ընտրած մարդիկ լաւագոյն ներկայացուցիչները չեն ըլլար այդ ասպարէզին, չեն ըլլար անպայման, թէեւ դրական ու յարգելի բացառութիւններ միշտ ալ կրնան ըլլալ: Նոյնը` ուսուցիչներու պարագային: Անոնց համար ոչ թէ նիւթ մը դասաւանդելը, այլ մարդ անհատը կերտելը պիտի ըլլայ իրենց նպատակը, եւ իրենց յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը ա՛յդ դիտանկիւնէն պիտի դիտուի ու դատուի: Եւ ծնողներն ալ ա՛յդ հեռանկարը պիտի ունենան իրենց աչքին առջեւ, ու իրենց գնահատումը կատարեն:

Պէտք է մեկնիլ այն հասկացողութենէն, որ իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր գործին տէրն է, իր առաքելութեան գիտակից, ու արժանի է յարգանքի եւ գուրգուրանքի:

Ասիկա` մանաւանդ հայերէնի ու հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու պարագային, ուր հայ անհա՛տը կերտելու առաքելութիւնը ունին մեր ուսուցիչները, եւ ուր թեկնածու գտնելը հետզհետէ աւելի դժուար առաջադրութիւն մը կը դառնայ: Գիտե՞նք ըստ արժանւոյն յարգել ու վարձատրել մեր ուսուցիչները…

Այս առնչութեամբ, արդէն դուրս կու գանք անձնական արժանիքներու եւ կարողութիւններու սահմաններէն, կը մտնենք հաւաքական պարտաւորութեան սահմաններէն ներս: Կը մտնենք մանաւանդ հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութեան հարցին մէջ, որ ուրիշ նիւթ է: Ուրիշ նիւթ է ու չէ, քանի որ մեր ցարդ թերացած ըլլալը այս մարզին մէջ գուցէ կրնանք նաեւ մեկնաբանել ուսուցիչի ու հայերէնի՛ ուսուցիչի դերը ստորագնահատած ըլլալու հաւանական մեղքով…

Եզրակացնենք: Գիտնանք յարգել ու արժանի կերպով գնահատել մեր ուսուցիչները, ի՛նչ նիւթ ալ որ դասաւանդեն, որովհետեւ անոնք ճակատագրական դեր ունին խաղալիք մեր զաւակներու կեանքին մէջ, մե՛ր կեանքին մէջ, ինչպէս դիտել կու տար մեզի անծանօթ այդ տնօրէնը իր դպրոցի շրջանաւարտներուն խօսած ատեն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES