Երիտասարդական Ոսպնեակ. «Ես Հայերէնը Չեմ Սիրեր» Կամ Անպաշտպանեալները (Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ի զուր չէ, որ ամբողջ մարդկութիւնը իւրայատուկ եւ երկիւղած վերաբերում ունի այս տօնին հանդէպ:

Փաստօրէն, հակառակ դարերու խորերէն ճառագայթող այն մտքի լոյսին, անխառն զգացումին, անբասիր կոչումին եւ առհասարակ հոգեթով ներաշխարհին, որոնցմով  կը մարմնաւորուի ուսուցիչի կերպարը, նաեւ այս օրերուն, ե՛ւ յարափոփոխ կեանքի ե՛ւ ժամանակներու նորովի ընկալումներով հանդերձ, ուսուցիչը որպէս անփոխարինելի տիպար եւ անժամանցելի առաքելութիւն ունեցող անհատականութիւն, տակաւին կը շարունակէ շնչել ու շնչաւորել, տրոփել ու ոգեւորել, բայց մանաւանդ հոգեզինել իրերայաջորդ սերունդներ` ջատագովելով մարդկային ամէնէն ազնիւ ու վեհ արժանիքներու կարեւորութիւնն ու պահպանումը:

Այլապէս, ինչպէ՛ս բացատրել քաղաքակիրթ ազգերու զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը, հասարակական կեանքի ու բարեկարգչական շարժումներու առաւել պայծառացումը, մտաւորական ու ստեղծագործ մթնոլորտի ուռճացումը, նպատակասլաց ու տեսլահար ընկերային միջավայրի սնուցանումը, եւ այս բոլորի կողքին` ազգային գիտակցական ապրումներու եւ հասկացողութիւններու ջրդեղումը:

Ընդգծումներ:

Ի տես ժամանակակից ապազգային ու ապաբարոյ կեանքի ուղղուածութեան, արհեստագիտական եւ արագասոյր նուաճումներու հոլովոյթին, եւ այսպէս ասած դէպի ապագայ դարերը ճախրող յառաջդիմութեան մոլուցքին,  բարեբախտաբար, ճարտարօրէն տակաւին իր գոյութիւնն ու կամքը լսելի կը դարձնէ ուսուցիչի կերպարը`  յանուն բարօր, յառաջադէմ ու արգասաբեր առօրեայի մը անարգել ու ապահով շարունակութեան:

Միւս կողմէ, ինչպիսի՛ բացատրութեամբ պէտք է մենք մեզ շղարշենք, երբ նիւթականացած ու զեխ կեանքի, սպառողական եւ դալուկ ըմբռնումներու ահաւոր հոսանքին դէմ յանդիման եւ տակաւ արժեզրկուող գաղափարական ու առաքինի արժանիքներու ներքեւ, փորձ կը կատարենք ըստ էութեան քննելու մեր ներկան ու հետագայ ընելիքները:

Ճիշդ է, որ ամբողջ մարդկութիւնը անհամեմատօրէն օրն ի բուն կը տուայտի նման կացութիւններէ եւ պարտադրուած յորձանուտներէ, այդու ամենայնիւ, ընկերային կեանքի անմասնատելի բաղադրիչի ու առանցքային իր դերակատարութեամբ յատկանշուող ուսուցիչը, շատ անգամ միայնակ ու խրոխտ ճակատով` պայքար է յայտարարած բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք ամէն միջոցի կը դիմեն հեղինակազրկելու եւ ամլութեան դատապարտելու իր կոչումին կառչած ուսուցիչը:

Անցնինք ու քիչ մը թափառինք մեր ածուին մէջ:

Եթէ երբեք, մեր` հայոց պարագային, փորձ մը կատարենք ու տեսականօրէն սահմանենք ուսուցիչի տիպարը, անպայման որ մենք մեզ հպարտութիւն առթող հասկացողութեան առջեւ կը գտնենք:

Այս առումով, մեր առաջին ուսուցիչին` Մեսրոպ Մաշտոցի իսկ վկայութեամբ, ու մանաւանդ անոր թողած անկրկնելի ժառանգին ու աստուածահաճոյ առաքելութեան ընդմէջէն, հայ ժողովուրդը` շնորհիւ իր հանճարեղ զաւակներուն առասպելական փայլատակումներուն, կրցաւ ուսուցիչի կերպարին նաեւ ագուցել հայաբոյր իւրայատուկ ըմբռնում մը, այլապէս շեշտը դնելով անոր դաստիարակի հասկացողութեան, կոչումին ու ազգային կեանքին մէջ անոր ընձեռուած աշխատանքային ամբողջ տեսադաշտին վրայ:

Արդարեւ,

Դասականացած արտայայտութիւններու անդոհանքէն հեռու մնալու մտասեւեռումով, ինչպէս նաեւ` յարգելով հանդերձ տօնական այս պատեհ առիթով արձանագրուած հեզահամբոյր խօսքերն ու ըստ պատշաճի բարեմաղթութիւնները, ա՛լ ժամանակն է հասեր, (եթէ ուշացած չենք),  պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ եւ լրջօրէն վերարժեւորելու հայ ուսուցիչ¬դաստիարակին հանդէպ մեր ցուցաբերած խայտաբղէտ մօտեցումները, համոզումներն ու ակնկալութիւնները:

Այլ խօսքով, ազգային¬հասարակական, պետական թէ քաղաքական մտքի մեր հայեացքներուն մէջ, եթէ երբեք իր արժանի տեղն ու դերը չվերապահենք հայ ուսուցիչ¬դաստիարակին, անոր առօրեան ու կեանքի ամբողջ թաւալքը չպարուրենք արժանապատուութեամբ եւ պատուախնդիր արարքներու յանձանձումով, աւելի՛ն. վարձատրութիւններու  տաղտուկէն ու վարչական աշխատանքներու յաւելեալ ծանրաբեռնուածութենէ չձերբազատենք զինք, ապա զուր տեղ մենք մեզ համոզած կ՛ըլլանք, թէ հայ վարժարանի պատուանդան է հայ ուսուցիչը, որով պիտի կարենանք հայօրէն ծաղկեցնել հայ մտքի ու հոգիի անդաստանը:

Այլ հարց, որ իր կարգին, հայ ուսուցիչը պարտաւոր է իր  ակադեմական կրթութեան առընթեր, ինքզինք հոգեզինել ազգային ըմբռնումներու տեսիլքով, արդի մանկավարժական մօտեցումներու հրայրքով, արհեստավարժի ունակութիւններու հակամէտ ըլլալու իրողութեամբ, ու մանաւանդ` ոգեկան ապրումներու եւ բարձրաթռիչ խայտանքներու փարոս ըլլալու հրամայական պահանջով:

Յստակացնենք:

Գաղութահայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունի՞ աւելի փշոտ ու անյետաձգելի գերխնդիր, քան հայ վարժարանի մէջ հասակ առնող  նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնն ու ազգային պաշտպանուածութեան հաւաքական մտասեւեռումը:

Ի՞նչ կ՛արժեն այն բոլոր ազգանուէր առաջադրանքները, եթէ երբեք  գոյութենական մեր պայքարին մէջ առաջամարտիկի իր վարկով, դիմագիծով, կեցուածքով, ուժեղ դերակատարութեամբ ու մոգական գրաւչութեամբ հայ ուսուցիչի ներկայութիւնը համարենք սոսկ անուանական, պարզապէս մայրենի լեզուին, գրականութեան թէ մշակոյթին ծառայութիւն մատուցելու դիտաւորութեամբ:

Միւս կողմէ, արդար է նշել, որ ժամանակի թաւալքին հետ եւ կեանքի պարտադրանքէն թելադրուած, տարբեր պատեհութիւններու ականատես կը դառնանք խիստ գնահատելի վերաբերումներու` երբ գէթ որոշակի համեմատութեամբ ի գործ կը դրուին հայ ուսուցիչի կենսամակարդակի բարելաւումին նպաստող քայլեր, որոնց կը պակսի սակայն յարատեւութիւնն ու նպատակաուղղուածութիւնը:

Այստեղ դիպուկ է ընդգծել քաղաքակիրթ երկիրներու այն տիպար վարքագիծը, որ առաւելագոյն չափով օժանդակութիւն մատուցել է ուսուցչութեան ասպարէզի նուիրեալներու` ուր եւ անոնք` ուսուցիչներ կը նկատուին անփոխարինելի ներուժն ու առանցքը  պետական ու ազգային ամէն աշխարհահայեացքի` քաղաքական թէ գաղափարական ընդհանուր պարունակի մէջ:

Զուգահեռներ:

Յայտնապէս սփիւռքեան հայօճախներու դիմագրաւած դառն ու շատ անգամ կործանարար մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, ազգային մեր կեանքին թարմութիւն եւ կայտառութիւն սնուցանելու մտահոգութենէ թելադրուած, ազգը իր բաղադրիչ շերտերու գոյակցութեամբ (եկեղեցի, դպրոց, ակումբ եւ միութիւն), ի՞նչ բանի կը սպասէ, եթէ ոչ բարձրագոռ հնչեցնելու օտարացումի ահազանգը, այլասերումի մտահոգիչ տարողութիւնն ու հայ աւանդական ընտանիքի քայքայումին տոկոսային համեմատութիւնը:

Ժողովուրդի ղեկավարութիւնը ստանձնած պատկան մարմիններ գալստեան ո՞ր ժամանակին կը սպասեն տեսնելու եւ հասկնալու այն տխուր իրականութիւնը, թէ տարուէ տարի կը նուազի որակեալ ու հայադրոշմ ուսուցիչներու քանակը, կը նօսրանան ոգեշնչող դաստիարակներու շարքերը, իսկ ամէնէն ահաւորն ու անդառնալին` նորահաս սերունդի մօտ տակաւ կ՛արմատաւորուի մայրենին չսիրելու եւ հայ արժէքներէ ու մշակոյթէ հեռանալու պատրաստակամութիւնը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ ուսուցիչի հանդէպ ցուցաբերուած այսպէս ասած հեգնանքին ու շատ անգամ արգահատանքին, արդեօք հաւաքաբար գիտակի՞ց ենք նման մօտեցման դժխեմ հետեւանքներուն ու գործած եւ տակաւին գործելիք աւերներուն:

Խոստովանիլ է պէտք, թէ պատրանքներու եւ կարգախօսներու տարափին ներքեւ կարելի չէ գաղութահայ կեանքի զարթօնքը ապրիլ, պահանջատիրական մեր երթին շունչ ու հոգի մատակարարել, սրբազան մեր երազներուն հրապոյրը նորահաս սերունդին սեփականութիւնը դարձնել, հայ ազգային կառոյցները շնչաւորել, ներկան բարելաւել ու ապագան կողմնորոշել:

Այլ խօսքով, այնքան ատեն որ հաւաքաբար չենք նախաձեռներ հայ լեզուի ու գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի սպասարկուին առաւել յանձանձումին, որակաւորումին, ակադեմական բարձրագոյն կրթութեան ճանապարհի հայթայթումին, մտաւորական կեանքի ու արհեստավարժ հորիզոնի ընդլայնումին, դժուար թէ կարենանք ապահովել գալիքի յաղթանակն ու անմիջական կեանքի աշխուժացումը:

Կրկնութեան գնով յայտնել է պէտք, թէ ի՛նչ բանի կը նպաստեն  քարակերտումի այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, երբ անոնց առընթեր կը բացակային մարդակերտումի նախադրեալները: Աւելի՛ն. ինչպիսի՛ բացատրութեամբ ընդունիլ անպաշտպանեալ ըլլալու զգացումին տարողութիւնն ու յամեցումը, երբ անդին շռայլ պատուի կ՛արժանանան նոյն ասպարէզի ծառայողներ:

Միթէ անպաշտպանեալ մը չէ՞ նաեւ այն պարման¬պարմանուհին, որ կը յաճախէ օտար վարժարան, կը ստորագնահատէ մայրենին ու մշակոյթը, ինքնութիւնն ու արմատները առհասարակ, պարզապէս յագուրդ տալու ուծացած ծնողքի մը օտարամոլի հակումներուն:

Այդուհանդերձ, հայրենասէր ու մեսրոպապաշտ հայ ուսուցիչը, հակառակ բազում զոհողութիւններուն, պիտի շարունակէ ամրակուռ պահել իր հաւատամքին ու համոզումներուն շտեմարանը, սրտի տրոփներուն եւ ոգեշունչ ապրումներուն ցոլքերը սերմանել հայ նորահաս սերունդի ծաղկաստանին մէջ` յանուն ազգակերտ տեսիլքներու եւ առաջադրանքներու կենսագործումին:

Աւարտին, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մեր բոլոր ճիգերուն հիմքը պէտք է նկատել հայ դպրութեան ծառայութեան կոչուած ուսուցիչը, մտաւորական լիցքով ու վեհափառ արժանիքներով հայորդին, Մեսրոպ Մաշտոցի հաւատամքին ականջալուր դաստիարակը, ակադեմական կրթութեամբ եւ լայնամտութեամբ որակեալ անհատը, Նարեկացիի, Կոմիտասի, Դանիէլ Վարուժանի, Մեծարենցի, Վազգէն Շուշանեանի ու նման բազում աստուածութիւններու երկրպագուն, որպէսզի կարենանք գէթ անմիջականօրէն բոցկլտալ նորահաս սերունդի հոգիներն ու սրտերը, ապա նաեւ վառել ինքնութեան ճանաչումի կրակը:

Այլապէս, տարբեր ճանապարհներու որոնումով անպաշտպանեալ ու կորուսեալ կը դառնանք նաեւ մենք` ազգովին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )