Հայաստան – Չեխիա 2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցումին Տոմսերը Սկսած Են Ծախուիլ

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 26 մարտին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մրցում մը ունի կատարելիք Չեխիոյ դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական դաշտին վրայ:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ երէկ այս մրցումին տոմսերը սկսան ծախուիլ:

Ֆետերասիոնը հայրենի համակիրներուն յիշեցուց, որ տոմսակներուն գիները հետեւեալներն են. հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւն` 3000 դրամ, արեւելեան թրիպիւն` 5000 դրամ, իսկ արեւմտեան թրիպիւն` 8000 դրամ:

Share this Article
CATEGORIES