Հայաստանի 17, 19 Եւ 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Խումբերը Ունեցան Իրենց Նոր Մարզիչները
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 17, 19 եւ 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականները ունեցան իրենց նոր գլխաւոր մարզիչները:
17 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արթուր Ոսկանեան: Անոր օգնականները պիտի ըլլան Շիրակի մարզիչ Ֆելիքս Խոճոյեան եւ բերդապահներու մարզիչ Վոլոտիա Վարդանեան:
Արարատի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան ստանձնեց 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` իրեն օգնականներ ունենալով Արարատի մարզիչ Արմէն Տոնոյեանը եւ Գանձասարի բերդապահներու մարզիչ Արմէն Կիրակոսեանը:
Վերջապէս, 21 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռաֆայէլ Նազարեան, իսկ անոր օգնականները` Բանանցի մարզիչ Կարէն Սիմոնեան եւ Փիւնիկի մարզիչ Արտակ Օսէեան:
CATEGORIES Մարզական

