Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Օզպիլիսի 8-րդ Կոլը

Ձմեռնային արձակուրդէն ետք վերսկսաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ «Փրեմիեր լիկ»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումները կատարուեցան:

Քուպան, որ հիւրն էր Վոլքայի, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Մրցումին հաշիւը 20-րդ վայրկեանին բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Արազ Օզպիլիս: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, անոր խմբակից Թլիսով արդիւնքը բարձրացուց երկուքի:

Օզպիլիս, որ դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան, այսպիսով ախոյեանութեան գծով նշանակեց 8-րդ կոլը: Անոր խմբակից Մարքոս Փիցելլի 75-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, իսկ Վոլքայի կազմէն դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող երրորդ մարզիկ մը` Արթուր Սարգիսով:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Քուպան 35 կէտով մնաց 4-րդ դիրքին վրայ: Վոլքա 17 կէտով կը գրաւէ 13-րդ դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES