Ուսուցչաց Տօնին Առիթով Կազմակերպուած Հաւաքոյթին Ընթացքին. «Հայ Դպրոցը Մեծ Պատասխանատուութիւն Ունի` Շրջանը Հայ Պահելու» Ընդգծեց Գեղամ Արք. Խաչերեան
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 7 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ նշուեցաւ Ուսուցչաց տօնը: Ներկայ էին Ազգային վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Ուսումնական խորհուրդի անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց դոկտ. Յակոբ Եագուպեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն` այն նուիրեալ աշխատանքին համար, որ կը տանին յօգուտ հայ աշակերտին եւ հայ դպրոցին: Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն Յարութիւնեանին` հայ ուսուցիչի ծառայութեան նկատմամբ իր բարձր գիտակցութեան եւ այդ ուղղութեամբ իր կատարած նուիրատուութեան համար:
Դոկտ. Յ. Եագուպեան նկատել տուաւ, որ Ազգային վարժարանը այն հիմնարկն է, ուր կը պատրաստուին անհատներ, որոնք պիտի դառնան գիտակից, յանձնառու եւ նուիրեալ հայեր ու քաղաքացիներ: «Պատրաստութեան այս հոլովոյթին մէջ ձեր դերը ոչ միայն հիմնական է, այլեւ անփոխարինելի… Չկայ այլ ասպարէզ մը, որուն մէջ ծառայողներուն վստահուած է մասնագիտական կերպով պատրաստել վաղուան սերունդը», հաստատեց դոկտ. Յակոբ Եագուպեան:
Օրուան հանդիսավարն էր Եսայի Հաւաթեան: Ան ողջոյնի խօսք ուղղելէ ետք յաջորդաբար հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցները. «Միհր» նուագախումբ, Ալիս Իփրաճեան (երգ), Հրաչ Կայծակեան (երգ), Քրիստին Սրապոնեան (ասմունք), Պօղոս Մալեան (երգ), Նժդեհ Պոտրումեան (երգ), Սեւան Կարապետեան-Ադամեան (երգ):
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ «սոյն ձեռնարկին հաւաքուած ենք ազգային պարտականութեան զգացումով եւ ունինք առաքելութիւն մը, որն է նոր սերունդի դաստիարակութիւնը»: «Դպրոցին դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ շատ զգալի է: Հայ դպրոցին վրայ մեծ պատասխանատուութիւն կայ` շրջանը հայ պահելու», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ եթէ իւրաքանչիւր անձ իր պարտականութիւնը լաւ կատարէ, մենք յաղթահարած կ՛ըլլանք բոլոր խոչընդոտները:
«Ազգային իշխանութեան գոյութեան պատճառը մեր վարժարաններն են», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը, որ Աստուած բոլոր ուսուցիչները պահէ իրենց ազգակերտ առաքելութեան մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան շնորհաւորեց բոլոր ուսուցիչները իրենց տօնին առիթով:



