Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Կալա Ելոյթը

Երէկ` ուրբաթ, 8 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի «Քնար» պարախումբը` մասնակցութեամբ «Գայեանէ» պարի դպրոցին եւ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Յովհաննէս Խաչիկեանի, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ ներկայացուց իր կալա ելոյթը:

Ելոյթը բաղկացած էր երկու բաժիններէ: Առաջին բաժինին մէջ «Քաջն Նազար»-ի թեմայով ներկայացուեցաւ համաչափ կշռոյթներով հայկական գեղեցիկ պարերու շարք մը: Արցախեան ազատագրական պայքարի սկիզբի 25-ամեակին առիթով ներկայացուեցաւ նաեւ գեղեցկօրէն բեմականացուած Արցախի նուիրուած պար մը:

Երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ յատկացուած էր հայ մեծ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած պարերու` իր իսկ ստեղծագործած երաժշտական գործերուն կշռոյթով: Այս բաժինը ընդգրկեց Արամ Խաչատուրեանի կեանքին վերաբերող տեսերիզի ցուցադրութիւն: Խաչատուրեանի գործերէն «Գարուն Երեւան» երգը մեկնաբանեց սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան:

«Քնար»-ի ելոյթները կը շարունակուին նաեւ այսօր` շաբաթ, 9 եւ վաղը` կիրակի, 10 մարտին, միեւնոյն վայրին մէջ: Ելոյթներուն աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հետագային:

Share this Article
CATEGORIES