Պըն Լատենի Փեսային Ահաբեկչութեան Մեղադրանք Առաջադրուած Է

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուսամա պըն Լատենի փեսային` Սուլէյման Ապու Ղէյսի դէմ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական գործունէութեամբ զբաղելու մեղադրանք առաջադրուած է:

Ապու Ղէյս փետրուարի սկիզբը ձերբակալուած էր Անգարայի պանդոկներէն մէկուն մէջ` Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութիւններու միացեալ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք: Ամերիկեան իշխանութիւնները կը պահանջէին նախկին «թիւ մէկ ահաբեկիչ»-ի փեսան իրենց յանձնել, սակայն Թուրքիան մերժած էր եւ զինք արտաքսած Քուէյթ, որուն քաղաքացին է ան: Սակայն ամերիկեան գործակալները, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան օժանդակութեամբ զինք ձերբակալած էին Յորդանանի մէջ:

Ապու Ղէյս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Քայիտայի ահաբեկչական կազմակերպութեան մէջ եւ անմիջական մասնակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ 11 սեպտեմբեր 2001-ին կազմակերպուած ահաբեկչական յարձակումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES