Պիւտճէական Բացի Համեմատութեան Աճին Պատճառով Ֆիլատելֆիա Կ՛որոշէ Փակել 23 Պետական Վարժարաններ
Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա նահանգի իշխանութիւնները դպրոցներու յատկացուած պիւտճէի բացին բարձրացման պատճառով որոշեցին 23 պետական վարժարաններ փակել, իսկ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց այս որոշումին դէմ բողոք կատարող 19 անձեր, ներառեալ` Ամերիկացի ուսուցիչներու դաշնակցութեան նախագահը:
Նահանգի Դպրոցներու բարեկարգման յանձնախումբը պետական վարժարաններուն յատկացուած պիւտճէին մէջ արձանագրուած հսկայական բացը հակակշռելու փորձով մը վաւերացուց առաջարկուած 27 դպրոցներէն 23-ը փակելու որոշում մը: Նախքան որոշումը շուրջ 500 ցուցարարներ, ներառեալ` Ամերիկացի ուսուցիչներու դաշնակցութեան նախագահ Ռանտի Ուէյնկարտըն փակեցին յանձնախումբի ժողովներուն յատկացուած սրահ առաջնորդող ճամբան, սակայն ոստիկանութիւնը ցրուեց զանոնք եւ ձերբակալեց 19 անձեր, որոնք հասարակական կարգը խախտելով ամբաստանուեցան:
Կ՛ակնկալուի, որ յանձնախումբը նաեւ երկու յաւելեալ դպրոցներ փակելու շուրջ քուէարկութիւն կատարէ: Կը նախատեսուի, որ վերոնշեալ դպրոցներուն փակումը յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին պիւտճէի բացը 1.35 միլիառ տոլարով նուազեցնէ:
Փակուած դպրոցները նահանգի 237 դպրոցներուն 10 առ հարիւրը կը կազմէ:

