Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանը Հերոյինի Տարանցման Համար Կարեւոր Երկիր Է»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան «Թմրեցուցիչներու վերահսկողութեան միջազգային ռազմավարութիւն-2013» անունը կրող զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանը հերոյինի եւ այլ թմրեցուցիչներու տարանցման համար կարեւոր երկիր է, որովհետեւ այդ երկիրը կը գտնուի Աֆղանիստանէն եւ Իրանէն դէպի Ռուսիա եւ Եւրոպա թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան հիմնական երթուղիներուն վրայ:
Շնորհիւ Ազրպէյճանի աշխարհագրական դիրքին, ամէն տարի, իբրեւ տարանցիկ երկիր, Ազրպէյճան մուտք կը գործէ մինչեւ 11 թոն հերոյին: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ ատոր մեծ մասը կը ստացուի Իրանի հետ հարաւային սահմանէն: Ազրպէյճան թմրեցուցիչներու մաքսանենգման համար աւելի բարենպաստ երկիր է, քան Վրաստանն ու Թուրքիան, որոնք վերջին տարիներուն կատարելագործած են սահմանապահ վերահսկողութեան ընթացակարգերը:
«Թէեւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ցանկութիւն յայտնած է լուծելու թմրեցուցիչներու տարանցման խնդիրը, սակայն կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները բաւարար չեն, ինչ որ զգալիօրէն կը խոչընդոտէ յառաջընթացը», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

