«Քոսովոն Մերն Է Խօսքը Սուտ Մըն Էր» Կ՛ըսէ Սերպիոյ Վարչապետը

Իվիչա Տաչիչ

Սերպիոյ վարչապետ Իվիչա Տաչիչ, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ պատմական քայլով մը, սերպերուն յայտնեց, որ տարիներով իրենց սուտ պատմութիւններ ըսուած են, թէ «Քոսովոն մերն է»: «10 տարի շարունակ Քոսովոն արգիլուած նիւթ էր: Ոչ ոք կրնար պաշտօնապէս ճշմարտութիւնը ըսել», նշեց ան` աւելցնելով, որ սակայն այսօր «Սերպիոյ նախագահը Քոսովօ չի կրնար երթալ, ոչ ալ վարչապետը, նախարարները, ոստիկանութիւնը կամ բանակը: Սերպերը կրնան միայն լքել Քոսովոն: Ահա այդքանով Քոսովոն մերն է եւ այդ է այդտեղ մեր սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն իմաստը»:

Ան յայտնեց, որ այժմ Սերպիա պէտք է վերջապէս իր «իսկական սահմանները» ճշդէ:

Տաչիչ, որ Քոսովոյի շուրջ ՕԹԱՆ-ի հետ պատերազմին ընթացքին Սլոպոտան Միլոսեւիչի օգնականն էր, Քոսովոյի ալպանացի ղեկավարներուն հետ բանակցութեանց ձեռնարկած է:

Սերպիա չի ճանչնար Քոսովոյի անկախութիւնը, սակայն ճնշումներու կ՛ենթարկուի իր նախկին նահանգին հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու, եթէ կը փափաքի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութեանց սկսելու «կանաչ լոյս»-ը ստանալ եւ կայունութեան կենսական պատգամ մը յղել օտար ներդրողներու, որոնց այնքան կարիքը ունի ան:

Share this Article
CATEGORIES