«Ռուսիա Վարչակարգերու Փոփոխութեան Խաղին Չի Մասնակցիր» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Պի.Պի.Սի.»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք Մոսկուայի եւ Լոնտոնի միջեւ «Սուրիոյ մէջ վերջնական նպատակին շուրջ տարակարծութիւններ» չի տեսներ` նշելով, որ «երկու երկիրները կը փափաքին, որ Սուրիա ժողովրդավար ու միացեալ ըլլայ, եւ սուրիացիները իրենց ճակատագիրը իրենք ճշդեն, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգուին»:
«Մոսկուա տագնապին սկիզբէն ի վեր այս կեցուածքին կառչած էր եւ կոչ ուղղեց` անմիջապէս բռնարարքները դադրեցնելու եւ բանակցութեանց սկսելու», ըսաւ ան` նշելով, որ «արտաքին բոլոր ուժերը անցեալ 30 յունիսին Ժընեւի մէջ ատոր համակարծիք գտնուեցան»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «Մոսկուա կառչած կը մնայ Ժընեւի հաղորդագրութեան սկզբունքներուն»` աւելցնելով, որ «Ռուսիա վարչակարգերու փոփոխման խաղին չի մասնակցիր»:
Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը` մէջբերելով սուրիական նախագահական պալատի այցելուներ, հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնած է, որ ինք այսօր գործ ունի «Ժապհաթ Նուսրա»-ի հետ, այսինքն` «ահաբեկչութեան» հետ, որմէ կը վախնայ Արեւմուտքը եւ աշխատանք կը տանի ջնջելու` աւելցնելով, որ «Արեւմուտքը թակարդին գիտակցած է»:
Ան նշած է, որ Դամասկոսի քաղաքական վերլուծումը շիտակ է եւ ընդդիմութեան զինումը կը դիտէ «մեծագոյն ճակատամարտ»-ի սպասումով թուրք-քաթարական պահանջի մը ծիրին մէջ:
Մինչ Ֆիլիփեան կղզիներ յայտարարեցին, որ Կոլանի բարձունքներուն վրայ ՄԱԿ-ի առեւանգուած ֆիլիփինցի դէտերը ազատ արձակելու բանակցութիւնները ձախողած են, սուրիական «Թըշրին» օրաթերթը գրեց, որ դէտերը առեւանգողները իրենց «դատապարտելի եւ վախկոտ արարքը» գործած են Քաթարի եւ Իսրայէլի ցուցմունքով, որպէսզի քաղաքական լուծումին մօտ գտնուող սուրիական տագնապը միջազգայնանայ:
Օրաթերթը գրեց, որ «որեւէ անկողմնակալ դէտ չի կրնար բացառել քաթարական-իսրայէլեան մեղսակցութիւնը այս վախկոտ արարքին, որ իսկական պատկերը կու տայ այն ինչին, որ զինեալ ընդդիմութիւն կը կոչեն»:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան ապահովական մարմիններու կարծիքով, Սուրիան քաղաքացիական պատերազմէն ետք կայուն պիտի չըլլայ եւ թերեւս փոքր պետութեանց մասնատուի, իսկ ներկայ բախումները կը նմանին Վիեթնամի պատերազմին ընթացքին արեւմտեան եւ արեւելեան ճամբարներու ճակատամարտերուն: Իսրայէլ նաեւ ՄԱԿ-ի դէտերու առեւանգման եւ միջազգային ուժերուն դէմ յարձակումներու յաճախակիութեան լոյսին տակ Կոլանի վրայ գտնուող ՄԱԿ-ի ապահովական ուժերու առաքելութեան աւարտին մօտալուտ ըլլալուն նկատմամբ մտավախութիւն կը յայտնէ:
Ըստ իսրայէլեան ապահովական մարմիններու գնահատականին, «Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը ցոյց կու տայ, որ անցնող 20 տարուան ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին աշխարհի վրայ ամերիկեան բացարձակ տիրակալութիւն գոյութիւն ունէր, վերջ գտաւ, իսկ հարցը այն է, որ մեծ պետութեանց կողմէ տագնապի երկու կողմերուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը ուժերու հաւասարութիւն կը ստեղծէ քաղաքացիական պատերազմին մէջ, որ կրնայ որոշ հանգրուան մը եւս շարունակուիլ»:

