Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին, որովհետեւ այդ օրէնքը մերժուած է բոլորին կողմէ: Միւս կողմէ, սակայն, Շարպել յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար թեկնածութիւնները կարելի է առաջադրել մինչեւ յառաջիկայ 11 ապրիլ, սկսեալ` յառաջիկայ 11 մարտէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած թեկնածութեան առաջադրումին վերաբերող թուականներուն եւ ժամկէտներուն պիտի պատասխանեն վաւերացնելով Ուղղափառ հանդիպումի մշակած օրինագիծը:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը մտածէ խորհրդարանը լիագումար նիստի մը հրաւիրելու մասին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին համար ամօթալի երեւոյթ է քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքին տիրանալու ախորժակներու սրումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները: Ժահժահի այցելեց նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան գործավար Ֆարես Սուէյտ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին դէմ պատերազմը հասած է իր գագաթնակէտին: Հարիրի նշեց, որ յարձակումը Մուսթաքպալին եւ Մարտ 14-ին դէմ է:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց նախկին երեսփոխաններ Փիեռ Տաքքաշը եւ Ապտալլա Ֆարհաթը: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ եւ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ:
ԵՄԷՆՑԻ ականաւոր պատասխանատու մը յայտնեց, որ Հըզպալլա հարաւային Լիբանանը զինելով երկրին Ազգային երկխօսութեան նիստը թիրախ կը դարձնէ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար հերքեց, թէ սէուտցի գործարարներ Լիբանանի մէջ իրենց ներդրումները չեղեալ նկատած են:
ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը յառաջիկայ երկուշաբթի օր պիտի սկսի բաց գործադուլի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ աշակերտներն ու ծնողները:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ շուկային մէջ երէկ փուլ եկաւ հին շինութիւն մը` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր կը ներկայացնէ Սուրիոյ եւ ոչ թէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յոյս յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներ ընդառաջեն Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի խնդրանքին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու մասին խորհրդակցութիւնները կը նշանակեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է իրենց կեցուածքները վերատեսութեան ենթարկեն, որպէսզի կարենան յանգիլ հասարակ յայտարարի մը:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տակաւին կը շարունակէ իր ջանքերը` համախոհական ընտրական օրէնքի մը յանգելու նպատակով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ բոլոր երկիրներն ու պետութիւնները նեղացած են Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամտութեան փաստով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի առած բոլոր քայլերը անպատասխանատու են եւ վնաս կը հասցնեն Լիբանանին:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգուին` առանց նախապէս համաձայնութիւն մը գոյացնելու, թէ ընտրական համախոհական օրէնքի մը պիտի յանգին, ապա Լիբանանի կացութիւնը վտանգաւոր պիտի ըլլայ:

