Սինիորա. «Արաբական Լիկային Մէջ Մանսուրի Կեցուածքը Յստակ Խախտում Է Կառավարութեան Որդեգրած Քաղաքականութեան»

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ յայտնեց, որ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի արտասանած խօսքը յստակ խախտում է Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան եւ «Պաապտայի յայտարարութեան», որոնց հիման վրայ Լիբանան շրջանային եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրած է:

Սինիորա խստիւ դատապարտեց Մանսուրի կեցուածքը, որ անձնական է, սակայն վերագրուած ամբողջ Լիբանանին:

Ան նշեց, որ Մանսուրի վարուելակերպը նաեւ սահմանադրութեան հնազանդելու իմաստով խախտում կը նկատուի` աւելցնելով, որ արաբական կարգ մը երկիրներու հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները այս հանգրուանին զգայուն վիճակի մէջ կը գտնուին:

Share this Article
CATEGORIES