Եունեսքօ-ի Պալատին Մէջ. Առաջին Տիկին Ուաֆա Սլէյման Մեկնարկը Կը Յայտարարէ Լիբանանցի Կնոջ Իրաւունքներու Ազգային Ռազմավարութեան Գործադրութեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին եւ ներկայութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, երէկ կէսօրին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Կիներու միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ, Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամներ, կրթութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարներ Հասսան Տիապ եւ Ուալիտ Տաուք, երեսփոխան Միշել Մուսա, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ քաղաքացիական ընկերութեան միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այս տարի սակայն Մարտ 8-ն սովորական չեղաւ Լիբանանի համար, որովհետեւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կազմակերպած այս լուրջ ձեռնարկին ընթացքին մեկնարկը յայտարարուեցաւ լիբանանցի կնոջ իրաւունքներու ազգային ռազմավարութեան գործադրութեան:
Առաջին տիկինը կոչ ուղղեց կառավարական թէ ոչ կառավարական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիական ընկերութիւնը կազմող միութիւններուն միասնաբար գործադրելու այդ ռազմավարութիւնը, որ երկարատեւ մշակումէ ետք կարելի եղած է երեւան հանել` խորհրդակցելով բոլոր միութիւններուն հետ:
Ուաֆա Սլէյման պահանջեց ընտրական արդի օրինագիծ մը, որուն մէջ ներառուած ըլլայ խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան չափաբաժինը:
«Մեր ընկերութեան մէջ ոչ մէկ բարգաւաճում կարելի է արձանագրել, եթէ մարդկային հաւասարութեան եւ արդարութեան մեքանիզմը կարելի չըլլայ հաստատել իգական եւ արական սեռերուն միջեւ», շեշտեց Ուաֆա Սլէյման` ընդգծելով խտրութեան վերջ տալու կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ հանդիսութեան բացումը կատարեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց մշակուած ռազմավարութիւնը:
Իր կարգին, խօսք արտասանեց կիներու հարցերով զբաղող քաղաքացիական խորհուրդի նախագահ Ֆահմիա Շարաֆէտտին, որ կոչ ուղղեց յեղափոխութեան` արաբական ընկերութեան մէջ կնոջ ինքնութեան եւ դերակատարութեան իմաստով փոփոխութիւններ յառաջացնելու եւ երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատելու առումով:
Շարաֆէտտին խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ ցարդ առաջարկուած ընտրական բոլոր օրինագիծերը, որոնցմէ ոչ մէկը կը պարփակէ կիներուն նուազագոյն չափաբաժինի իրաւունքը:
Ան ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կինը տակաւին երկրորդ կարգի քաղաքացի մըն է, որ չի կրնար իր քաղաքացիութիւնը շնորհել իր իսկ ծնած զաւկին:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ռոպըրթ Ուաթքինզի խօսքը արտասանեց Ասմա Քըրտահի, որ խստիւ դատապարտեց կիներուն դէմ գործուող բռնութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտանեկան բռնութիւնները:
Ան ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին աշխատանքներուն:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ շեշտեց հանրային կեանքին եւ երկրին վերաբերող ազգային ճակատագրական որոշումներուն մէջ կնոջ դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը:
Էխհորեսթ բարձր գնահատեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի գործունէութիւնը եւ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` իբրեւ խորհուրդին բարոյական եւ նիւթական նեցուկը:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ «Ֆէյհա» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի:
«Ֆէյհա» մեկնաբանեց վեց երգեր. Բարսեղ Կանաչեանի «Բամբ Որոտան»-ը, ինչպէս նաեւ Ռահպանի եղբայրներուն, Ուաժտի Շայայի եւ Մարսել Խալիֆէի յօրինումներէն` «Հաուել եա ղաննամ», «Հուրիա», «Ալհելուէ Պէյրութ», «Օսֆուր թալ մնել շըպպեք» եւ «Զահրաթ Մատայէն», որոնց դաշնաւորումը կատարած է երաժիշտ Էդուարդ Թորիկեան:


